Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մինսքի Խումբի Համանախագահող Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներու Յայտարարութիւնը Կ’ընդգծէ Հակամարտութեան Մադասիրական Կողմը

Մինսքի Խումբի Համանախագահող Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներու Յայտարարութիւնը Կ’ընդգծէ Հակամարտութեան Մադասիրական Կողմը

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմէն մէկ տարի անց, ԵԱՀԿ Մինքի խումբի տարածաշրջանային այցերու փաստացի դադրեցման ֆոնին համանախագող երեք երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները համատեղ յայտարարութիւն տարածած են, ուր, սակայն, այլեւս խօսք չկայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման յայտնի սկզբունքներու՝ ազգերու ինքնորոշման ու տարածքային ամբողջականութեան մասին։ Փոխարէնը, ընդգծուած է հակամարտութեան մարդասիրական կողմը։

Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներու ընդունած համատեղ յայտարարութեան յաջորդ ուշագրաւ կէտը կը վերաբերի ռազմագերիներու հարցին, որ շարունակաբար կը բարձրացուի պաշտօնական Երեւանի կողմէ։ Էնթընի Պլինքընի, Սերկէյ Լաւրովի ու Ժան-Իվ Լը Տրիանի յայտարարութեան մէջ խօսուած է միայն պահուող անձերու մասին՝ ի տարբերութիւն վերջին պատերազմէն մօտ մէկ ամիս անց երեք միջնորդներու ընդունած յայտարարութեան, ուր յստակ նշուած էր «ռազմագերիներ» բառը։ Մէկ տարի առաջ տարածուած յայտարարութեան մէջ յիշատակուած էին նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման յայտնի սկզբունքները։

Միջնորդներու համատեղ յայտարարութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, կոչ կ’ընէ շարունակելու շփումները Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու մակարդակով, կեանքի կոչելու պատերազմէն յետոյ Քրեմլինի միջնորդութեամբ ընդունուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները։

«Համանախագահ երկիրները կոչ կ’ընեն Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին շարունակելու իրենց ներգրաւուածութիւնը համանախագահներու հովանիի ներքոյ՝ յստակ առաջընթաց գրանցելու մարդասիրական հարցերով, անոնց կարգին՝ պահուող անձերու, ականազերծման, անհետ կորածներու, տեղահանուածներու կամաւոր վերադարձի եւ պատմական յուշարձաններու վերաբերեալ», – ըսուած է յայտարարութեամբ:

Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մանտաթ ստացած խումբը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ծագած խնդիրներուն՝ Երեւանին ու Պաքուին կոչ ընելով լուծելու սահմանազատման ու սահմանագծման խնդիրները, վերականգնելու տնտեսական ու հաղորդակցական կապերը. – «Համանախագահ երկիրները նաեւ մտահոգութեամբ կը նշեն վերջին միջադէպերը Հայաստան-Ատրպէյճան չսահմանազատուած սահմանին եւ կը վերահաստատեն, որ սահմանային վէճերը լուծելու համար ուժի կիրառումը կամ սպառնալիքը անընդունելի է»։

Յորդորելով կողմերը անյապաղ վերացնել հակամարտութենէն տուժած տարածքներ մուտք գործելու սահմանափակումները միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն համար՝ համանախագահ երկիրները կոչ կ’ընեն «որքան հնարաւոր է շուտ հնարաւորութիւն տալ համանախագահներուն աշխատելու տարածաշրջանին մէջ՝ թոյլ տալով անոնց «առաջին ձեռքէն» գնահատել իրավիճակը տեղւոյն վրայ, եւ համաձայնութեան հասնիլ ապագայ ներգրաւուածութիւններու օրակարգին շուրջ»։

Ուշագրաւ է նաեւ, որ միջնորդ երկիրները կը շարունակեն կիրառել «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն» ձեւակերպումը՝ չնայած 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի պնդումներուն, թէ նման խնդիր այլեւս գոյութիւն չունի։

Ամիսներ առաջ՝ Սեպտեմբերին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Վեհաժողովի ելոյթի ժամանակ Ալիեւ նոյնիսկ կոչ ըրաւ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն եւ կազմակերպութեան քարտուղարութեան չօգտագործելու Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment