Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան եւ Լաւրով քննարկած են Տարածաշրջանային Զարգացումները

Միրզոյեան եւ Լաւրով քննարկած են Տարածաշրջանային Զարգացումները

by MassisPost

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան ու ՌԴ արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով Նոյեմբեր 1-ին հեռախօսազրոյց ունեցած են: Այս մասին յայտնած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական կայքը:

Նախարարները քննարկած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եւ 2021 թուականի Յունուար 11-ի պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին վերաբերող հարցեր՝ հաշուի առնելով այն, որ կը լրանայ լիակատար զինադադարին ուղղուած նոյեմբերեան եռակողմ փաստաթուղթի մէկ տարին: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է մարդասիրական՝ պահուող անձերու վերադարձի, ականապատ տարածքներու քարտէզներու տրամադրման, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման հրատապ խնդիրներու լուծման:

Երկու երկիրներու Արտաքին Գործոց ղեկավարները «ճշգրտած են ժամերը» հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան վերացման, Հարաւային Կովկասի փոխադրային եւ տնտեսական բոլոր կապերու ապաշրջափակման, տարածաշրջանային համագործակցութեան համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու վերաբերեալ հարցերու շուրջ:

Ընդգծուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային միջադէպերու քաղաքական եւ դիւանագիտական կարգաւորման ուղղուած ջանքերու շարունակականութեան կարեւորութիւնը: Անդրադարձ կատարուած է հայ-ռուսական համագործակցութեան արդիական գործօններուն՝ հաշուի առնելով տարբեր մակարդակներով առաջիկայ երկկողմանի շփումները: Երկու երկիրներու ԱԳ ղեկավարները փաստած են դաշնակցային համագործակցութեան առաջանցիկ զարգացումը: Անոնք քննարկած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային տարբեր հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment