Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ի ու Թուրքիոյ Նախագահները Անդրադարձ Կատարած Են Հարաւային Կովկասի Վիճակին

ԱՄՆ-ի ու Թուրքիոյ Նախագահները Անդրադարձ Կատարած Են Հարաւային Կովկասի Վիճակին

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ առաջնորդները Նոյեմբեր 1-ին անդրադարձած են նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին: Սպիտակ տունը յայտնած է, որ Պայտըն-Էրտողան հանդիպումի օրակարգի վրայ եղած են Հարաւային Կովկասի դիւանագիտական ջանքերը։

«Մեծ քսանեակի» գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կայացած հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու նախագահները ի թիւս այլ հարցերու խօսած են նաեւ Աֆղանիստանի մարդասիրական իրավիճակի, Լիպիոյ ընտրութիւններու եւ Միջերկրական ծովուն մէջ տիրող իրավիճակի մասին։

ԱՄՆ-ի նախագահը կրկին մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ կողմէ Ռուսաստանէն S-400 զենիթահրթիռային համակարգեր գնելու կապակցութեամբ։

Ինչ կը վերաբերի ԱՄՆ-էն F-16 կործանիչներ գնելու Թուրքիոյ առաջարկին, Պայտըն ըսած է, որ ԱՄՆ-ը պէտք է համապատասխան ընթացակարգեր կատարէ։

Պաշտօնական Անգարան նշած է, թէ «հանդիպումը անցած է շատ դրական մթնոլորտի մէջ», եւ երկու առաջնորդները համաձայնած են միասնական մեքենականութիւն ստեղծել՝ լարուած յարաբերութիւնները բարելաւելու համար։

«Մենք կը պատրաստուինք լաւ երկխօսութիւն ծաւալել»,- յայտարարած էր Պայտընը աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն առաջ։ ԱՄՆ-ի նախագահը չէր պատասխանած այն հարցին, թէ արդեօք Թուրքիան չափէն աւելի չէ սերտացուցած յարաբերութիւնները Ռուսաստանին հետ։

Թուրք-ամերիկեան ռազմավարական կապերը սկսան սրուիլ 2017-ին, երբ Անգարան յայտարարեց, թէ կը պատրաստուի ռուսական զենիթահրթիռային համակարգեր գնել։ Չնայած Ուաշինկթընի յորդորներուն ու պատժամիջոցներուն Էրտողան Փութինի հետ այդ գործարքէն չհրաժարեցաւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment