Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ատրպէյճանը Մտադիր Է Փաքիստանէն JF-17 Thunder Կործանիչներ Գնել

Ատրպէյճանը Մտադիր Է Փաքիստանէն JF-17 Thunder Կործանիչներ Գնել

by MassisPost

Պաքուն հետաքրքրուած է Փաքիստանէն JF-17 Thunder կործանիչներ գնելու, ըսած է Փաքիստանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանութեան ռազմական կցորդ՝ Մեհման Նովրուզովը:

«Փաքիստանէն JF-17 Thunder օդանաւեր գնելը մեր օրակարգի առանցքային հարցն է»,- Փաքիստանեան Dunya News գործակալութեան ըսած է ան` աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերը լուրջ ջանքեր կը գործադրեն իրենց միջոցները արդիականացնելու համար, եւ այդ ուղղութեամբ համատեղ աշխատանք կը տարուի Իսլամապատի հետ։

JF-17 Thunder կործանիչ-ռմբակոծիչը Փաքիստանի եւ Չինաստանի համատեղ մշակած ռազմական օդանաւ է։ Չինաստանի ռազմաօդային ուժերը եւս համալրուած են այդ օդանաւերով։ Վերջին փոփոխուած գինը աւելի քան 25 միլիոն տոլար է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment