Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հոկտեմբեր 27-ի Վերաբացուած Գործով Հարցաքննուած Են Նայիրի Յունանեանը, Անոր Եղբայրը, Եւ Ուրիշներ

Հոկտեմբեր 27-ի Վերաբացուած Գործով Հարցաքննուած Են Նայիրի Յունանեանը, Անոր Եղբայրը, Եւ Ուրիշներ

by MassisPost

Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան դեռ երկու տարի առաջ վերաբացուած գործով հարցաքննուած են ինչպէս յանցախումբի պարագլուխ՝ Նայիրի Յունանեանը, այնպէս ալ անոր հետ բանտը գտնուող եղբայրն ու միւս երկու դատապարտեալները։ Ընդհանուր առմամբ, հարցաքննուած է մօտ մէկ տասնեակ մարդ։

«Մինչ այսօր ընկած ժամանակահատուածում բազմաթիւ անձինք հարցաքննուել են այդ գործով, այդ թւում նաեւ Հոկտեմբերի 27-ի գործով ազատազրկման դատապարտուած բոլոր անձինք՝ Նայիրի Յունանեանը, Կարէն Յունանեանը եւ միւսները», – «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան։

Դատախազութիւնը հաղորդած է, որ հարցաքննուած է նաեւ 22 տարի առաջ խորհրդարանէն ներս սպաննուած ԱԺ փոխ նախագահ Եուրի Բախշեանի այրին՝ Անահիտ Բախշեանը։ Եւ անոր դիմումի հիման վրայ երկու տարի առաջ վերաբացուած է գործը։ Բախշեան դեռ տարիներ առաջ դատախազութենէն խնդրած էր սպաննութեան դրուագին զուգահեռ քննել նաեւ անոր կազմակերպիչներու դրուագը, բայց մերժուած էր։

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան կողմէ վերաբացուած գործով քննութիւն կը կատարուի կազմակերպիչները բացայայտելու ուղղութեամբ, ըսաւ դատախազի խորհրդականը։ Դատախազութիւնը չէ հաղորդած հարցաքննուածներուն ու հարցաքննութեան մանրամասնութիւններըը։

1999 թուականին Նայիրի Յունանեանի յանցախումբը, ներխուժելով Ազգային ժողով, սպաննեց խորհրդարանի խօսնակ Կարէն Դեմիրճեան, վարչապետ՝ Վազգէն Սարգսեան, խորհրդարանի փոխ նախագահներ Եուրի Բախշեան եւ Ռուբէն Միրոյեան, պատգամաւորներ՝ Արմենակ Արմենակեան, Միքայէլ Քոթանեան, Հենրիկ Աբրահամեան եւ նախարար՝ Լեոնարտ Պետրոսեան, եւս 8 հոգի վիրաւորուեցաւ։ 2003 թուականի դեկտեմբերին դատարանը Յունանեանը եւ անոր յանցախումբի 5 անդամները դատապարտեց ցմահ ազատազրկման, յանցախումբի եւս մէկ անդամ դատապարտուեցաւ 14 տարուայ ազատազրկման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment