Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Լարուածութեան Փուլը Աւարտած Է. Իրանի ԱԳ Նախարար

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Լարուածութեան Փուլը Աւարտած Է. Իրանի ԱԳ Նախարար

by MassisPost

Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ լարուածութիւնը, որ հանրային տիրոյթով ընթացած է, աւարտած է, յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար՝ Ամիր Ապտըլ Լահիան Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին։

«Մենք շփումներ ունեցած ենք Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ։ Կը կարծեմ, որ մենք աւարտած ենք լարուածութեան հրապարակային փուլը։ Կ’ենթադրեմ, որ մեր ունեցած խնդիրները աստիճանաբար կը լուծուին»,- ըսած է նախարար Ապտըլ Լահիանը։

Երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները սրուեցան աւելի քան մէկ ամիս առաջ, երբ Գորիս-Կապան ճանապարհին Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած հատուածին ատրպէյճանական ոստիկանութիւնը սկսաւ կանգնեցնել եւ ստուգել իրանական բեռները Հայաստան տեղափոխող վարորդները, նաեւ անոնցմէ ճանապարհային տուրք պահանջել եւ ձերբակալել երկուքը։

Օրերս Պաշտօնական Պաքուն հաղորդած էր, որ «Իրանին վերադարձուցած է բեռնատարներու երկու վարորդները, որուն յաջորդած է հեռախօսազրոյց երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ։ Ապտըլ Լահիան, մասնաւորապէս, յայտարարած է, թէ Իրանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններու եւ ժողովուրդներու միջեւ կապերը կ’ընդլայնուին փոխադարձ յարգանքի լոյսի ներքոյ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment