Home Uncategorized Անգարան Պատրաստ է Կարգաւորել Յարաբերութիւնները Երեւանի Հետ

Անգարան Պատրաստ է Կարգաւորել Յարաբերութիւնները Երեւանի Հետ

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, թէ Անգարան պատրաստ է կարգաւորել յարաբերութիւնները Երեւանին հետ` բարի դրացիութեան եւ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման հիման վրայ: Ռէճէպ Էրտողան այս մասին ըսած է այսօր՝ Օգոստոս 30-ին Չեռնոկորիոյ մէջ, երբ լրագրողը հետաքրքրուած է, թէ ինչպէս Անգարան արձագանգած է Հայաստանի վարչապետի վերջին յայտարարութեան, թէ Երեւանը դրական ազդակներ ստացած է Թուրքիայէն եւ համապատասխանաբար կ’արձագանգէ:

Ի պատասխան` Էրտողան յոյս յայտնած է, թէ Հայաստանի նոր կառավարութեան գործունէութիւնը օգտակար է տարածաշրջանին համար: «Մեր տարածաշրջանին մէջ նոր եւ կառուցողական մօտեցումներու կարիք կայ: Չնայած կարծիքներու եւ ակնկալիքներու տարբերութիւններ կան, բայց վստահութեան հիման վրայ բարի դրացիական յարաբերութիւններ զարգացնելու անկեղծ ջանքերու գործադրումը պատասխանատու մօտեցում կ’ըլլայ` հիմնուած իրարու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան ճանաչման վրայ», – ըսած է Էրտողան:

Նշելով, որ նորագոյն պատմութիւնը պէտք չէ թշնամանքի աղբիւր ըլլայ, եւ որ պէտք է կառուցողական քայլեր ձեռնարկուին կայուն խաղաղութեան եւ համակեցութեան համար, Էրտողանը ըսած է. «Եթէ Երեւանը պատրաստ է շարժուիլ այդ ուղղութեամբ, Անգարան կրնայ սկսիլ աշխատանքը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու աստիճանական կարգաւորման ուղղութեամբ: Ժամանակն է կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը դարձնել մշտական, եւ պայմաններ ստեղծել տնտեսական զարգացման եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան համար»:

Էրտողան ընդգծած է, որ նման դիրքորոշում ունի նաեւ Ատրպէյճանը, ու պնդած, թէ Պաքուն առաջարկած է Հայաստանի հետ բանակցութիւններ սկսիլ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագրի համար: «Ինչպէս եւ համաձայնեցուած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ, ամբողջ տարածաշրջանը բանալով` նոր հնարաւորութիւններ կ’առաջանան, որոնք կը փոխեն Հարաւային Կովկասը: Մենք պատրաստ ենք աշխատիլ բոլոր այն կողմերու հետ, որոնք կը ցանկան օգտագործել այս պատմական հնարաւորութիւնը»:

Թուրքիոյ նախագահը միեւնոյն ժամանակ կրկնած է ղարաբաղեան վերջին պատերազմէն յետոյ շրջանառութեան մէջ դրուած իր առաջարկը` տարածաշրջանին մէջ վեցակողմ հարթակ ստեղծելու վերաբերեալ` Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութեամբ: Վրաստանը հրապարակաւ հրաժարած է այս նախաձեռնութենէն` Ռուսաստանի հետ ունեցած դիմակայութեան պատճառով:

Էրտողան այսօր պնդած է, որ կրնան եւ առանց Վրաստանի մասնակցութեան համագործակցիլ. «5 կամ 6 երկիրներու հարթակի առաջարկը սեղանին վրայ է` Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Ռուսաստանը, Իրանը եւ Հայաստանը: Եթէ այս հարթակը ընդունուի որպէս այդպիսին, ես կը կարծեմ, որ տարածաշրջանի լարուածութիւնը շատ կը նուազի»։

Թուրքիոյ նախագահը յատուկ շեշտած է, որ այս հարցը քննարկած է եւ համաձայնած ոչ միայն Ատրպէյճանի նախագահի, այլեւ Ռուսաստանի ղեկավար՝ Վլատիմիր Փութինի հետ։ «Իրանի մէջ նոր նախագահ եկած է իշխանութեան, անոր հետ ալ կը քննարկենք», – ըսած է Էրտողան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment