Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լաւրով Կոչ Կ’ընէ Ատրպէյճանին Վերադարձնելու Բոլոր Հայ Գերիները` Առանց Նախապայմաններու

Լաւրով Կոչ Կ’ընէ Ատրպէյճանին Վերադարձնելու Բոլոր Հայ Գերիները` Առանց Նախապայմաններու

by MassisPost

«Ռուսաստանը տարբեր մակարդակներով Ատրպէյճանի հետ շփումներու ընթացքին կոչ կ’ընէ վերադարձնելու հայ ռազմագերիները առանց նախապայմաններու»:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Մոսկուայի մէջ ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին այս մասին ըսաւ ՌԴ ԱԳ նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով:

ՌԴ ԱԳ նախարարը նախ ընդգծեց, որ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ խօսք կար այն ռազմագերիներու մասին, որոնք գերեվարման մէջ էին այդ պահուն:

«Այս պահուն ատրպէյճանցիները հայ զինծառայողներու նշանակալի խումբ մը կը պահեն, որոնք այնտեղ յայտնուած են Նոյեմբերի վերջը, երբ յայտարարութիւնը ուժի մէջ մտած էր եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր դադրեցնել իւրաքանչիւր թշնամական գործողութիւն: Ռուսաստանի նախագահը Ատրպէյճանի ղեկավարութեան եւ նախագահ Ալիեւի հետ շփումներուն, ինչպէս եւ մենք այլ մակարդակներով այդ ազդակը կը յղենք ատրպէյճանցի գործընկերներուն եւ կոչ կ’ընենք ազատ արձակելու անոնց առանց նախապայմաններու, որովհետեւ անիկա կարեւոր մարդասիրական քայլ կ’ըլլայ եւ նշանակալի քայլ վստահութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ, որու կարիքը այդքան կայ»,- ըսաւ Լաւրով:

Ան աւելցուց, որ պիտի շարունակեն հանդէս գալ այդ դիրքերէն, սակայն նկատել տուաւ, որ վերջնական որոշումը, ամէն պարագային, իրենցմէ կախուած չէ:

ՀՀ ԱԳ նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանը նշեց, որ Հայաստանը վաղուց կատարած է իր պարտաւորութիւնը. «բոլորը բոլորի դիմաց սկզբունքով» Հայաստանը վերադարձուցած է բոլոր ատրպէյճանցի ռազմագերիները: «Մենք համարում ենք, որ Ատրպէյճանը իր կողմից պէտք է վերադարձնի բոլոր ռազմագերիներին եւ այլ պահուող անձանց, ոչ միայն որպէս իր պարտաւորութիւնների կատարում, այլ նրա համար, որպէսզի փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծուի: Այդ մթնոլորտում արդէն կարելի  կը լինի անցնել հետագայ քննարկումներին եւ բոլոր հարցերի կարգաւորմանը»,- ըսաւ Միրզոյեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment