Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտօնական Երեւանի Կոչը Միջազգային Կառոյցներուն՝ Աշխուժացնել Ճնշումը Պաքուի Վրայ՝ Հայ Գերիները Ազատելու Համար

Պաշտօնական Երեւանի Կոչը Միջազգային Կառոյցներուն՝ Աշխուժացնել Ճնշումը Պաքուի Վրայ՝ Հայ Գերիները Ազատելու Համար

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը կոչ կ’ընէ միջազգային կառոյցներուն՝ աշխուժացնելու ճնշումը Ատրպէյճանին վրայ, պահանջելով յարգել միջազգային մարդասիրական իրաւունքի նորմերն ու անյապաղ ազատ արձակել ապօրինաբար եւ անմարդկային պայմաններու մէջ Ատրպէյճան պահուող հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձերը:

Բռնի անհետացումներու միջազգային օրուայ կապակցութեամբ իր ուղերձով Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը շեշտած է, թէ Պաքուն կը հերքէ տասնեակ հայ զինծառայողներու եւ քաղաքացիական անձերու գերեվարման փաստը, ինչպէս նաեւ կ’արհամարհէ Ատրպէյճանի մէջ գերեվարուած հայ զինուորականներու եւ պատանդ առնուած քաղաքացիական անձերու մասին տեղեկատուութիւն տրամադրելու՝ ՄԻԵԴ-ի որոշումները եւ կը խոչընդոտէ գերիներու վերադարձը։

«Ի շարունակութիւն Ատրպէյճանի բարձրաստիճան ղեկավարութեան կողմից վարուող հայատեացութեան հետեւողական քաղաքականութեան, Ատրպէյճանում գտնուող հայ գերիներն ու պատանդները ենթարկւում են խոշտանգումների, անմարդկային եւ նուաստացուցիչ վերաբերմունքի: Արդէն արձանագրուած են նաեւ նրանց կեանքի իրաւունքից զրկելու դէպքեր: Շարունակւում են հայ ռազմագերիների ապօրինի եւ շինծու դատավարութիւնները», – ըստ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան յայտարարած է Միրզոյեան՝ յանցագործութիւն որակելով Ատրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդ առնուած քաղաքացիներու իրական թիւերու եւ պահման վայրերու թաքցնելը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment