Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արարատ Միրզոյեանն ու Դաւիթ Բաբայեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Են

Արարատ Միրզոյեանն ու Դաւիթ Բաբայեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Են

by MassisPost

Օգոստոս 20-ին ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Արցախի ԱԳ նախարար՝ Դաւիթ Բաբայեանի հետ: Վերջինս շնորհաւորած է Արարատ Միրզոյեանը Հայաստանի եւ Արցախի համար կարեւոր ժամանակաշրջանի արտաքին գործոց նախարարի պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։

Արարատ Միրզոյեան եւ Դաւիթ Բաբայեան ընդգծած են Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ու պարբերական խորհրդակցութիւններ կայացնելու կարեւորութիւնը:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան հիմնախնդրին՝ Հայաստանի եւ Արցախի ԱԳՆ ղեկավարները ընդգծած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման եւ համապարփակ ու տեւական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Զրուցակիցները քննարկած են ատրպէյճանա-թրքական յարձակումի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի հասցէագրման ուղղութեամբ տեղւոյն գործադրուող ջանքերը։ Շեշտուած է Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ իրականացուող սադրիչ գործողութիւններու անթոյլատրելիութիւնը, ինչ որ լուրջ սպառնալիք է տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment