Home ՍՓԻՒՌՔ Կարօ Փայլան Պահանջած Է Պահպանել Անգարայի Հայկական Գերեզմանատունը

Կարօ Փայլան Պահանջած Է Պահպանել Անգարայի Հայկական Գերեզմանատունը

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան Անգարայի հայկական գերեզմանոցի աւերման հարցը ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս, գրած է Ermenihaber-ը:

Պատգամաւորը յիշեցուցած է, որ Անգարայի Սինճան շրջանը գտնուող հայկական Սուրբ Փրկիչ եւ Ս. Քառասուն մանուկ եկեղեցիներուն պատկանող հայկական գերեզմանոցը մայրաքաղաքի պատմամշակութային ժառանգութեան մէկ մասն է եւ 90-ականներուն յատուկ պահպանուող տարածք յայտարարուած է: Մինչդեռ այն դարձեալ գանձախոյզներու թիրախն է ու թալանի նպատակով շարունակ կ’աւերուի, ինչ որ խորապէս կը վիրաւորէ Թուրքիոյ հայ համայնքը։

Յղում ընելով մամուլով տեղ գտած լուրերուն՝ Փայլան նշած է, որ վերջին օրերուն գանձագողերը բացած են նաեւ հելլենիստական դարաշրջանին պատկանող շարք մը գերեզմաններ եւ այս ու այն կողմ ցրած մարդոց ոսկորները: Փայլան ցանկացած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար՝ Նուրի Էրսոյէն ճշդել, թէ ի՞նչ միջոցներ կը ձեռնարկուին հայկական գերեզմանոցներու պահպանութեան համար:

Ի դէպ, Անգարայի կեդրոնէն 30 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող գերեզմանատան տարածքը միայն գանձագողերէն չէ, որ պէտք է պաշտպանել: Տարածքի մէկ մասն ալ տեղացիները կ’օգտագործեն պտոյտներու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment