Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պղինձի Ու Արճիճաքարի Խտանիւթի Արտահանման Պետական Տուրքով Կէս Տարուայ Մէջ 35 Միլիառ Դրամ Կը Մուտքագրուի Պիւտճէ

Պղինձի Ու Արճիճաքարի Խտանիւթի Արտահանման Պետական Տուրքով Կէս Տարուայ Մէջ 35 Միլիառ Դրամ Կը Մուտքագրուի Պիւտճէ

by MassisPost

Ազգային ժողովը այսօր՝ Յուլիս 15-ի արտահերթ նիստին, երկրորդ ընթերցմամբ ընդունեց մետաղներու գործող շուկայական գիներու շուրջ 15 տոկոսի չափով արտահանման տուրք սահմանող կառավարութեան նախագիծը։

Տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար՝ Վահան Քերոբեան յայտարարեց, որ հաշուարկած են, որ այս փոփոխութենէն յետոյ առաջիկայ 6 ամիսներուն, պիւտճէ կը մուտքագրուի մօտ 35 միլիառ դրամ։ Իսկ փոփոխութեան պատճառը, ըստ Քերոբեանի, պղինձի ու արճիճաքարի (մոլիպտեն) միջազգային գիներու կտրուկ բարձրացումն է։

«Պղնձի գները անցած տարուայ 6 հազար տոլար 1 մեթրիկ թոնի համար այժմ գտնւում են մօտաւորապէս 9200-9300 տոլարի սահմաններում, իսկ մոլիպտենի գները անցած տարուայ միջին 24 հազարի փոխարէն այժմ 41 հազար տոլարի սահմաններում են: Այսինքն այս աւելացումն ըստ էութեան թոյլ է տալիս, որպէսզի աւելացուած մասի մի մասը մենք վերցնենք», – ըսաւ Քերոբեան:

Կառավարութեան ներկայացուցիչը հերքեց, թէ նախաձեռնութիւնը քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ։ Միեւնոյն ժամանակ Քերոբեան յայտնեց, որ առաջարկուող փոփոխութիւնները տնտեսվարողներու հետ չեն քննարկած ու պարզաբանեց, թէ ինչու։

«Այս նախագիծը չի քննարկուել տնտեսվարողների հետ, որովհետեւ այստեղ այնքան ակնյայտ գործողութիւն ենք մենք անում, որը քննարկելու կարիք չկայ: Բայց այն համակարգային փոփոխութիւնները, որ նախաձեռնում ենք, այդտեղ ներգրաւուած կը լինեն թէ՛ բնապահպաններ, թէ՛ միջազգային մասնագէտներ, թէ՛ ֆինանսական եւ խորհրդատուական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, թէ՛ հենց յստակ տնտեսվարողները», – նշեց Վահան Քերոբեան:

Իշխող «Իմ քայլ»էն պատգամաւոր՝ Յովիկ Աղազարեան հարցուց, եթէ պղինձի գիները կտրուկ իջնեն, ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ պարագային. կառավարութենէն գիներու կտրուկ փոփոխութիւն չեն սպասեր, բայց եթէ նոյնիսկ անկում ըլլայ, ըստ նախարարի պաշտօնակատարին՝ գերշահոյթն այնքան է, որ գունաւոր մետաղներու խտանիւթ արտահանողներու տարեկան ցուցանիշներուն վրայ չ’ազդեր։

Պղինձի խտանիւթի խոշոր արտահանողներէն է Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանը, որու խորհուրդի անդամ է ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի ցուցակով պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած, Սիւնիքի նախկին մարզպետ՝ Վահէ Յակոբեանը։ Չնայած իշխանութեան պնդումներուն, թէ պղինձի ու արճիճաքարի (մոլիպտեն) արտահանման տուրքի բարձրացումը պայմանաւորուած է միջազգային գիներու բարձրացմամբ, Ռոպերթ Քոչարեանի առաջնորդած «Հայաստան» դաշինքը անոր մէջ քաղաքական շարժառիթներ կը տեսնէ։

Իշխող ուժէն կառավարութեան առաջարկը արդարութեան վերականգնում կը համարեն. Գէորգ Պապոյեան ըսած է, թէ 15 տոկոս արտահանման տուրքը հարկային շատ մեծ բեռ չէ: Պնդած է, որ հանքարդիւնաբերութեան հարկերը Հայաստանի մէջ ամենացածերէն են. «Հանքարդիւնաբերութեան վրայ հարկերը Հայաստանում մօտ 14 տոկոսի սահմաններում են, ինչը աշխարհում համարւում է ցածր հարկային բեռ, այն դէպքում, երբ որ երկրներ կան 40-50 տոկոս հարկ են սահմանել: Նոյնիսկ այս պետական տուրքի պարագայում, մենք չենք ունենալու նման հարկային բեռ»:

2020-ի տուալներով՝ պղինձի խտանիւթը Հայաստանէն ամենաշատ արտահանուած ապրանքն է՝ շուրջ 510 հազար թոն։ Հայաստանէն 16 հազար թոնէն աւելի ալ արճիճաքար արտահանուած է ։ Ընդհանուր աւելի քան 730 միլիոն տոլար արժողութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment