Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանի Նորընտիր Նախագահ՝ Իպրահիմ Ռայիսի Ուղերձը ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

Իրանի Նորընտիր Նախագահ՝ Իպրահիմ Ռայիսի Ուղերձը ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

by MassisPost

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ՝ Սէյէտ Իպրահիմ Ռայիսի ուղերձը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանին

«Բարձր կը գնահատեմ ձեր անկեղծ շնորհաւորանքը իմ՝ որպէս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու կապակցութեամբ:

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ կապերը հիմնուած են երկու ազգերու մշակութային վաղեմի յարաբերութիւններու վրայ, որոնք տեւական եղած են բարեկամական: Միջազգային եւ տարածաշրջանային խնդիրներու հարցով երկու երկիրներու նոյնատիպ եւ մօտ դիրքորոշումները, որոնք ուղեկցուած են կառուցողական համագործակցութեամբ, մեր յարաբերութիւններու կարեւորութեան ցուցիչն են:

Ընդհանուր մարտահրաւէրները անխուսափելի դարձուցած են երկու երկիրներու փոխգործակցութեան խորացումը՝ յանուն տարածաշրջանի խաղաղութեան ապահովման եւ կայունութեան պահպանման: Յուսով եմ, որ առաջիկայ ժամանակահատուածին կը կարողանանք համագործութեան սկզբունքով ազդեցիկ քայլեր իրականացնել տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հիմքերու ամրապնդման ուղղութեամբ:

Կը մաղթեմ ձեզ առողջութիւն եւ երջանկութիւն, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեանն ու ժողովուրդին՝ յաջողութիւն եւ բարօրութիւն»,-նշուած է ուղերձով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment