Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայկական Ցեղասպանութեան Տարելիցի Ոգեկոչման Յայտագիրը

Հայկական Ցեղասպանութեան Տարելիցի Ոգեկոչման Յայտագիրը

by MassisPost

Հայկական Ցեղասպանութեան Յանձնախումբը ու անոր մաս կազմող անդամ կազմակերպութիւնները միասնաբար պատրաստած են ոգեկոչման ծրագիր, որ պիտի հեռարձակուի տեղական հայկական հեռատեսիլի ալիքներով, ինչպէս նաեւ մի քանի ժամ տեւողութեամբ ուղղիղ հաղորդում պիտի կատարուի ընկերային ցանցերով` Ապրիլի 24, 2021-ի կէսօրուայ ժամը12-էն սկսեալ:

Ծրագիրի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան Յանձնախումբին մաս կազմող համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, շարք մը յայտնի պետական պաշտօնեաներ, հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուին տեղեկատուական հարցազրոյցներ եւ քննարկումներ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ յանցագործութեան հատուցման վերաբերեալ:

Բացի այդ, ժողովուրդը հնարաւորութիւն պիտի ունենան լսելու մեր համայնքի անդամներէն, յայտնի անձնաւորութիւններէ, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուին մշակութային հատուածներ` յարգելու համար յիշատակը 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան զոհերուն:

Ուղղիղ հեռարձակման զուգահեռ, Հայկական Ցեղասպանութեան Յանձնախումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ UACLA-ի կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանի միջոցառումին: Առաւօտեան ժամը 10-ին պիտի կայանայ եկեղեցական արարողութիւն, որու ընթացքին հայ հոգեւորականներու եւ տարբեր դաւանանքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ պիտի կատարուի միացեալ աղօթք: Այնուհետեւ, ժողովուրդը առիթ պիտի ունենայ ծաղիկներ զետեղելու Նահատակներու Յուշարձանին:

Ցեղասպանութեան Յանձնախումբ իր ուշադրութեան կեդրոնին պիտի պահէ նաեւ Արցախեան վերջին պատերազմի ընթացքին մեր հերոսներու քաջագործութիւններն ու զոհաբերումը` վեր առնելով այն իրողութիւնը որ, ցեղասպանութեան ժխտումը կը նշանակէ ցեղասպանութեան կրկնութիւն:

Վերջին մէկ տարուայ ընթացքին Հայ ազգը դիմագրաւեց բազում դժուարութիւններ, սակայն կ’ուզենք ընդգծել մեր ժողովրդի եւ մեր համայնքներու միասնութիւնը, զօրութիւնը եւ դիմադրողականութիւնը` շնորհիւ մեր համագործակցութեան: Այս ոգով, Յանձնախումբը պատրաստած է երկու միլիոն Ամերիկահայերու անունով նամակ` յորդորելով Նախագահ Պայտընին ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Հայկական Ցեղասպանութեան Յանձնախումբ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment