Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գանատա ԼՂ Պատերազմի Պատճառով Չեղեալ Համարած Է Ռազմական Արհեստագիտութիւնը Թուրքիա Արտահանելու Թոյլտուութիւնը

Գանատա ԼՂ Պատերազմի Պատճառով Չեղեալ Համարած Է Ռազմական Արհեստագիտութիւնը Թուրքիա Արտահանելու Թոյլտուութիւնը

by MassisPost

Գանատայի արտաքին գործոց նախարար՝ Մարք Կարնոն յայտնած է Թուրքիա սպառազինութիւն եւ ռազմական արհեստագիտութիւն (Թեքնոլոճի) արտահանելու թույլտուութիւնները չեղեալ համարելու որոշման մասին, քանի որ հետաքննութիւնը հաստատած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին (2020-ի Սեպտեմբեր 27-էն Նոյեմբեր 10-ը) օգտագործուած են Գանատական արհեստագիտութիւններ:

Պատերազմի ընթացքին Թուրքիա մատակարարուած գանատական ռազմական արհեստագիտութիւններու օգտագործման վերաբերեալ հաղորդումներէն ետք, Գանատան ժամանակաւորապէս կասեցուցած էր Թուրքիոյ ռազմական սարքաւորումներու մատակարարումը:

«Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, խորհրդակցելով Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան հետ, ամբողջութեամբ վերանայած է Թուրքիոյ համար նախատեսուած ռազմական ապրանքներու եւ սարքաւորումներու արտահանման բոլոր կասեցուած եւ գործող թույլտուութիւնները: Հաշուի առնելով, որ ուսումնասիրութիւնը հաւաստի ապացոյցներ յայտնաբերած է այն մասին, որ Թուրքիա արտահանուող գանատական սարքաւորումները օգտագործուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, այսօր ես կը յայտարարեմ 2020 թուականի կասեցուած թույլտուութիւնները չեղեալ համարելու մասին»,- «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, յայտարարած է Կարնոն: Ան ընդգծած է, որ գանատական արհեստագիտութեան նման կիրառումը կը հակասէ Գանատայի արտաքին քաղաքականութեան ու չի համապատասխաներ Թուրքիոյ կողմէ տրուած հաւաստիացումներուն:

Մարք Կարնոն յայտնած է, որ խօսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ, անոր յայտնելու իրենց մտահոգութիւնները ու սկսելու երկխօսութեան մեքենականութիւնը գանատացի եւ թուրք պաշտօնեաներու միջեւ՝ յանուն փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment