Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլան Բացատրութիւն Կը Պահանջէ Էրտողանի Օգտագործած «Գյավուր» Բառին Համար

Փայլան Բացատրութիւն Կը Պահանջէ Էրտողանի Օգտագործած «Գյավուր» Բառին Համար

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրտողան վերջին իր ելոյթի ընթացքին օգտագործած է «գյավուր» (անհաւատ) բառը՝ թիրախաւորելով քրիստոնեաները:

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրդամէտ «ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան» (HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, քննադատելով Էրտողանի ատելութեան խօսքը, այն համարելով անընդունելի:

Այս կապակցութեամբ Փայլան գրաւոր հարցապնդում ներկայացուցած է խորհրդարան՝ պահանջելով Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայէն պատասխանել հետեւեալ հարցերուն.

1) Չգիտէ՞ք, որ «գյավուր» բառը ատելութեան խօսք է եւ սերունդներ շարունակ որպէս հայհոյանք օգտագործուած է ձեր համաքաղաքացիներուն դէմ:
2) Չգիտէ՞ք, որ «գյավուր» ատելութեան խօսքը կը յանգեցնէ ատելութեան յանցագործութեան:
3) Տեղեա՞կ էք, որ որպէս նախագահ ատելութեան խօսք օգտագործելը կը խախտէ ընկերային խաղաղութիւնը:
4) Ետ կը վերցնէ՞ք «գյավուր» արտայայտութիւնը եւ ներողութիւն կխնդրէ՞ք:

Փայլան նաեւ ըսած է, որ ինք, որպէս պատգամաւոր, բազմիցս «գյավուր» հայհոյանքով յարձակման ենթարկուած է:

«Պէտք է տեղեկացնեմ, որ նախագահին կողմէ օգտագործուած այդ ատելութեան խօսքը, որ ըստ Թուրքիաոյ լեզուագիտական ընկերութեան կը նշանակէ «անհաւատ, ոչ մուսուլման, անխիղճ, դաժան» բնաւ ընդունելի չէ»,- շեշտա է Կարօ Փայլան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment