Նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան այսօր՝ Փետրուար 26-ին, հանդիպած է «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» ղեկավարներու՝ վարչապետի միասնական թեկնածու՝ Վազգէն Մանուկեանին, Արթուր Վանեցեանին, Վահրամ Պաղտասարեանին եւ Արծուիկ Մինասեանին հետ:
Նախագահի աշխատակազմը հաղորդած է, որ հանդիպման ընթացքին մտքեր փոխանակուած են երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակի շուրջ: Քննարկուած են լարուածութեան թուլացման եւ իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման ուղիներուն վերաբերող հարցեր:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը, աւելի վաղ յայտարարած էր, թէ կը պահանջեն, որ Արմէն Սարգսեան, Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը Գլխաւոր շտապի պետ՝ Օննիկ Գասպարեանը աշխատանքէն ազատելու, ուղարկէ Սահմանադրական դատարան՝ անոր օրինականութիւնը վիճարկելու:
ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէն, շարժման ներկայացուցիչներէն՝ Արթուր Վանէցեան, Բաղրամեան պողոտայի հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարեց, որ նախագահը իրենց որեւէ բան չէ խոստացած. «Լսել է մեր յստակ պահանջը, ասել է, որ կը հանդիպի Գլխաւոր շտապի պետի եւ Զինուած ուժերի բարձրագոյն սպայակազմի ներկայացուցիչների հետ եւ առաջիկայ օրերին իր որոշումը կը կայացնի: Բայց մենք եկէք համոզուած լինենք եւ ոգեկոչենք նախագահին, որ նա անպայման կայացնի որոշում յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան»:
Յիշեցնենք, որ նախագահ Սարգսեան այս առաջարկը ստացած է երէկ, սակայն, արդէն երկրորդ օրն է, եւ չէ ստորագրած: Եթէ երեք օրուայ ընթացքին Սարգսեան չստորագրէ կամ չուղարկէ Սահմանադրական դատարան, ապա Օննիկ Գասպարեանը աշխատանքէն ազատելու վարչապետի առաջարկը օրինական ուժի մէջ կը մտնէ: