Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իշխանութիւնները Սխալեցան` Հրաժարելով Արտահերթ Ընտրութիւններու Գաղափարէն

Իշխանութիւնները Սխալեցան` Հրաժարելով Արտահերթ Ընտրութիւններու Գաղափարէն

by MassisPost

Փետրուարի սկիզբին Ազգային ժողովի «իմ Քայլը» խմբակցութիւնը հանդիպում ունենալէ ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ յայտարարեց որ, խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու մասին վարչապետի առաջարկը դրական արձագանք չէ ստացած ընդդիմութեան կողմէ, իսկ հասարակութեան լայն շերտերու մօտ եւս չկայ արտահերթ ընտրութիւններու պահանջ:

Անցեալ տարեվերջին վարչապետ Փաշինեան խորհրդարանական եւ հետաքրքրուած արտախորհրդարանական ուժերուն հրաւիրած էր խորհրդակցութիւններու՝ 2021 թուականին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ անցկացնելու հարցով:

Ճիշդ է որ, Փաշինեանի հրաժարականը պահանջողները կը յայտարարէին, որ նախ վարչապետը պէտք է հրաժարական տայ, ապա Վազգէն Մանուկեանը Խորհրդարանի կողմէ ընտրուի վարչապետ, եւ միայն տարի մը ետք տեղի ունենան ընտրութիւններ, այդուհանդերձ, նկատելի էր որ ընդդիմադրութեան տարբեր ուժերուն միջեւ սկսած էր յառաջանալ ճեղք, եւ տեսակէտներու եւ մօտեցումներու տարբերութիւնը դարձած էր ակներեւ՝ հրապարակային բազմաթիւ յայտարարութիւններու ընդմէջէն: Գագիկ Ծառուկեան կը յայնէր որ իր գլխաւորած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը առանձինը պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն՝ երբ որ ալ տեղի ունենան անոնք:

Ռոպերթ Քոչարեան նոյնպէս կը յայտարարէր որ, ինք պատրաստ է մասնակցելու արտահերթ ընտրութիւններուն: Այս ընթացքին սկսած էին մարիլ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» անուան տակ հանդէս եկող կուսակցութիւններու բողոքի հանրահաւաքները եւ ցոյցերը, որոնք ծայր առած էին պատերազմի աւարտէն յետոյ:

Արտահերթ ընտրութիւններու գաղափարէն հրաժարելով իշխանութիւնները նպաստեցին, որպէսզի ընդդիմադրութիւնը համախմբուի եւ դարձեալ փորձէ փողոցի միջոցաւ հասնիլ վարչապետի հրաժարականին: Վերջին օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կու գան ցոյց տալու, որ թէեւ ընդդիմադրութիւնը չունի բաւարար ժողովրդային յենարան հասնելու իր նպատակներուն, սակայն ի վիճակ է ապակայունացնելու իրավիճակը երկրէն ներս: Հրապարակի վրայ հնչող ելոյթները կը պարունակեն կոշտ երանգներ: Կը խօսուի «կայծակնային ապստամբութեան», «անհնազանդութեան քայլերու», «պետական շէնքեր գրաւելու» մասին: Նման հռետորաբանութիւն լաւ բան չի խոստանար եւ կրնայ տանիլ լուրջ բախումներու՝ հասարակութեան տարբեր խաւերուն միջեւ: Ասոնց նախանշանները կան արդէն: Ընդդիմութեան ցոյցերու ընթացքին տեղի կ՛ունենան քաշքշուք եւ ծեծկռտուք բողոքողներուն եւ անոնց հակառակորդներուն միջեւ: Ուրիշներ կը պահանջեն իշխանութիւններէն մէկդի դնել «թաւիշը» եւ դիմել խիստ քայլերու:

Որպէս սփիւռքահայեր, այս երեւոյթները կը մտահոգեն մեզ եւ հարցեր կը յառաջացնեն պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ: Իրավիճակը լիցքաթափելու լաւագոյն միջոցը կը մնայ վերադարձ արտահերթ ընտրութիւններու օրակարգին: Իշխանութիւնները գիտակցելով այս իրողութեան պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն իրենց վերջին որոշումը ու արագացնելով ընտրական նոր օրէնսգիրքի ընդունումը, տրամաբանական ժամկէտներու մէջ կազմակերպեն արտահերթ ընտրութիւններ, այլապէս այս իրավիճակը կրնայ տեւել երկար ժամանակ, խաթարելով Հայաստանի ներքին կայունութիւնը, որուն այնքան պէտք ունի երկիրը յատկապէս այս հանգրուանին:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment