Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զինուած Ուժերը կը Պահանջեն Վարչապետի Եւ Կառավարութեան Հրաժարականը

Զինուած Ուժերը կը Պահանջեն Վարչապետի Եւ Կառավարութեան Հրաժարականը

by MassisPost

Հայաստանի Զինուած ուժերը կը պահանջեն վարչապետի եւ Կառավարութեան հրաժարականը։

Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է, ուր իր վճռական բողոքը արտայայտած.- «անհեռատես եւ չհիմնաւորուած պատճառներով ՀՀ զինուած ուժերի գլխաւոր շտապի պետի 1-ին տեղակալին պաշտօնից ազատման առնչութեամբ, որն իրականացուել է առանց Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային եւ պետական շահերը հաշուի առնելու՝ հիմնուելով միայն անձնական եւ յաւակնոտ զգացմունքների վրայ»:

«Երկրի համար այսպիսի ծանր պայմաններում նման որոշումը հակապետական եւ անպատասխանատու քայլ է:

ՀՀ վարչապետը եւ կառավարութիւնն այլեւս ի վիճակի չեն ընդունելու ատակ որոշումներ՝ հայ ժողովրդի համար այս ճգնաժամային եւ ճակատագրական իրավիճակում:

ՀՀ զինուած ուժերը երկար ժամանակ համբերատար կերպով հանդուրժում էր գործող իշխանութեան կողմից զինուած ուժերը վարկաբեկելուն ուղղուած «գրոհները», սակայն ամէն ինչ ունի իր սահմանները:

ՀՀ զինուած ուժերը պատւով է կատարել իր պարտքը, իր ժողովրդի հետ ուսուսի մարտնչել թշնամու դէմ:

Գործող իշխանութիւնների անարդիւնաւէտ կառավարումը եւ արտաքին քաղաքականութիւնում ցուցաբերած լրջագոյն սխալները երկիրը հասցրել են կործանման եզրին», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ, զոր իր Դիմատետրի էջին վրայ հրապարակած է ԶՈՒ գլխաւոր շտապի տեղեկատւութեան բաժնի պետ՝ Սամուէլ Ասատրեան։

Ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Զինուած ուժերը «պահանջում են ՀՀ վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականը, միաժամանակ նախազգուշացնում՝ ձեռնպահ մնալ ժողովրդի դէմ ուժ կիրառելուց, ում զաւակները զոհուել են՝ պաշտպանելով Հայրենիքն ու Արցախը»:

«Բանակը միշտ եղել է ժողովրդի հետ, ինչպէս ժողովուրդն է բանակի հետ», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ, զոր ստորագրած են ԶՈՒ գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար՝ Օննիկ Գասպարեան, ԶՈՒ ԳՇ պետի՝ երէկ պաշտօնէն ազատուած առաջին տեղակալ, զօրավար՝ Տիրան Խաչատրեան, ԶՈՒ ԳՇ պետի տեղակալ, զօրավար՝ Ստեփան Գալստեան, ԶՈՒ ԳՇ օփերաթիւ գլխաւոր վարչութեան պետ-ԶՈՒ գլխաւոր շտապի պետի տեղակալ, զօրավար՝ Կարէն Աբրահամեան, գլխաւոր շտապի միւս պաշտօնեաները, հինգ բանակային ջոկատներու հրամանատարները եւ բարձրաստիճան այլ զինուորականներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment