Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գիտութիւնը Այն Յենարանն Է, Որ Կրնայ Ապահովել Հայաստանի Երկարատեւ Զարգացումը. Վարչապետ Փաշինեան

Գիտութիւնը Այն Յենարանն Է, Որ Կրնայ Ապահովել Հայաստանի Երկարատեւ Զարգացումը. Վարչապետ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ՝ Փետրուար 24-ին կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որու ընթացքին քննարկուած են գիտութեան ոլորտի զարգացման հեռանկարները:

«Յատկապէս արցախեան երկրորդ պատերազմից յետոյ, ըստ էութեան, աւելի ակնյայտ է՝ գիտութիւնն է, յատկապէս բնական  այն յենարանը, որը կարող է ապահովել Հայաստանի երկարատեւ զարգացումը», – կառավարութեան լրատուական ծառայութեան հաղորդմամբ` ըսած է վարչապետը:

«Այստեղ թերեւս մեծ բանավէճ չկայ, հարցն այլ տեղ է՝ ինչպէ՞ս, ի՞նչ մեքենականութիւններով, ի՞նչ ծաւալներով ապահովել գիտութեան ֆինանսաւորումը, որպէսզի այն իրօք արդիւնք ստեղծի եւ հասնի այն մարդկանց, ովքեր զբաղւում են գիտութեամբ: Եւ ինչպէս ապահովել, որ աւագ սերնդի մեր ականաւոր գիտնականների գործը շարունակուի արդիւնաւէտ ու որոշակի ճանապարհ անցնելուց յետոյ, ի վերջոյ, դառնայ կիրառական նշանակութեան արդիւնք:

Մի բան ակնյայտ է, որ մենք հասել ենք մի հանգրուանի, որտեղ պէտք է կարողանանք յստակ հասկանալի, ձեւակերպելի որոշումներ կայացնել ու համոզուած լինել այդ որոշումների հետագայ արդիւնաւէտութեան մէջ», – աւելցուցած է Փաշինեան:

Քննարկման ընթացքին ներկայացուած են գիտութեան ոլորտին մէջ առկայ խնդիրները, ներուժը, միջավայրն ու զարգացման հնարաւորութիւնները: Այդ համաթեքսթով անդրադարձ կատարուած է գիտութեան ոլորտի շարք մը ուղղութիւններու առաջընթացի ապահովման համար անհրաժեշտ քայլերուն, գիտութեան բնագաւառի ժամանակակից արհեստագիտաութիւններու ներգրաւման, հետազօտական ենթակառուցուածքներու արդիականացման, ոլորտի դրամաշնորհային նախագիծերու իրականացման, արտերկրի գործընկերներու հետ փորձի փոխանակման վերաբերող հարցերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment