Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ըստ Այվազեանի, Արցախի Տարածքներու Մէկ Մասի Զաւթումը Չի Կրնար Համարուիլ Հակամարտութեան Կարգաւորում

Ըստ Այվազեանի, Արցախի Տարածքներու Մէկ Մասի Զաւթումը Չի Կրնար Համարուիլ Հակամարտութեան Կարգաւորում

by MassisPost

«Արցախի տարածքների մի մասի զաւթումը չի կարող համարուել հակամարտութեան կարգաւորում», այսօր՝ Փետրուար 23-ին, Տարածաշրջանային եւ եւրասիական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամներու հետ հանդիպման սկիզբին յայտարարեց Արտաքին գործոց նախարար՝ Արա Այվազեան:

Նախարարը նաեւ նշեց, որ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի կ’ունեայ խոշոր դերակատարներու վերադասաւորում:

«Ատրպէյճանի կողմից Արցախի դէմ ուժի կիրառման հետեւանքները եւ Արցախի տարածքների մի մասի զաւթումը չեն կարող համարուել հակամարտութեան կարգաւորում: Միայն քաղաքական բանակցուած կարգաւորումը, որը կը յարգի բոլորի իրաւունքները եւ կ’որոշի Արցախի վերջնական կարգավիճակը, կարող է համարուել հակամարտութեան վերջակէտը: Մենք յանձնառու ենք կարգաւորման գործընթացի վերսկսմանը, սակայն նախ եւ առաջ, պէտք է ձեւաւորուի խաղաղութեան նպաստող միջավայր, իսկ դրա նախադրեալները ատրպէյճանական կողմից դեռեւս նկատելի չեն», – նշեց Այվազեան:

Նախարարի ելոյթէն յետոյ նիստը շարունակուեցաւ փակ ձեւաչափով: Նիստի աւարտին, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը, որ այս պաշտօնին նշանակուած է 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ, հերքեց իր հրաժարականի մասին լուրերը, փոխարէնը վստահեցուց, որ 24-ժամեայ ռեժիմով զբաղած են Ատրպէյճան գտնուող հայ գերիներու վերադարձի հարցով: Ըստ Նախարարին, միջազգային հանրութեան ճնշումը Ատրպէյճանի նկատմամբ մեծցած է:

«Գնալով միջազգային ճնշումը հետզհետէ աճում է, եւ ինչպէս ենթադրում էի, գերիների հայրենադարձութեան արհեստական խոչընդոտներ ստեղծելու Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը, պատանդառութիւնը կամաց-կամաց դառնում է գլխացաւանք Ատրպէյճանի համար: Մենք լիայոյս ենք, որ Ատրպէյճանը կը հրաժարուի պատանդառութեան քաղաքականութիւնից եւ անյապաղ դրական լուծում կու տայ մարդասիրական այս կարեւորագոյն հարցին», – ընդգծեց Արա Այվազեան:

Զուգահեռ, սակայն, եղանակային պայմաններու վատթարացում հիմնաւորմամբ դադրեցուած են դիերու որոնողական աշխատանքները՝ հայկական կողմի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող տարածքներէն ներս:

Այվազեան պնդեց, որ խնդիրը իսկապէս եղանակային պայմաններն են, եւ առաջիկային որոնման աշխատանքները կը շարունակուին: Այս հարցերով Հայաստանին կ’աջակցին նաեւ գործընկեր պետութիւնները: Այսօր լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին գերիներու վերադարձի թեմային անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի մօտ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպան՝ Սերկէյ Քոփիրքին:

«Գերիներու հետ կապուած աշխատանք տեւական կը տարուի, ներառեալ՝ Ռուսաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ: Ինչպէս գիտէք, պարբերաբար նոր խումբերու վերադարձի մասին տեղեկութիւն կը ստանանք: Ի հարկէ, կը ցանկայինք, որ ամէն ինչ աւելի արագ ըլլար եւ բոլորը բոլորի դիմաց սկզբունքին համապատասխան, բայց աշխատանքը հեշտ չէ եւ յամառօրէն կը շարունակուի», – նշած է Սերկէյ Քոփիրքին:

Ռուսաստանի դեսպանի կարծիքով՝ տուեալ փուլին, Հայաստանի ղեկավարութեան հետ շփումը բաւականաչափ սերտ է եւ ուժգին, աւելին՝ վերջինս եւս հաստատեց, որ Ռուսաստանը Հայաստանին կ’օգնէ բանակը բարեփոխելու հարցով: Դեսպանը չցանկացաւ մեկնաբանել աւելի վաղ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեանի այն յայտարարութիւնը, թէ չի բացառուիր, որ ռուսական 102-րդ ռազմակայանի կազմէն որեւէ զինուորական կազմաւորում տեղափոխուի Հայաստանի արեւելք։ Այս թեմային այսօր չանդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment