Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընդդիմութիւնը Շատ Լաւ Գիտէ, Որ Ընտրութիւններու Պարագային Իշխող Ուժը Յաղթանակը Պիտի Տանի. Ալեն Սիմոնեան

Ընդդիմութիւնը Շատ Լաւ Գիտէ, Որ Ընտրութիւններու Պարագային Իշխող Ուժը Յաղթանակը Պիտի Տանի. Ալեն Սիմոնեան

by MassisPost

ՀՀ ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ՝ Ալեն Սիմոնեանի կարծիքով՝ ընդդիմութիւնը արտահերթ ընտրութիւններէն հրաժարած է, քանի որ գիտէ, որ իշխող ուժը յաղթանակը պիտի տանի: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Սիմոնեան նման տեսակէտ յայտնեց ԱԺ-էն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին:

«ՀՀ-ի ամբողջ տարածքով մէկ Նիկոլ Փաշինեանի վարկանիշն ամենաբարձրն է: ՀՀ-ում որեւէ ղեկավար իր պաշտօնաւորման ընթացքում չի ունեցել նման վարկանիշ, ինչքան այսօր ունի Նիկոլ Փաշինեանը»,-ըսաւ Սիմոնեան:

Անոր խօսքով՝ այդ պարզ կը դառնայ ոչ միայն ընկերային հարցումներէն, այլ նաեւ՝ ընդհանուր շփումներէն եւ մարդոց հետ հանդիպումներէն: «Նոյնիսկ ընդդիմութիւնը դա գիտի: Դա էր հիմնական պատճառը, որ ընդդիմութիւնը չհամաձայնեց գնալ նոր ընտրութիւնների, քանի որ ընդդիմութիւնը շատ լաւ գիտի, որ նոր ընտրութիւնների պարագայում իշխող ուժը, ի դէմս Նիկոլ Փաշինեանի, մի քանի անգամ աւելի յարաբերակցութեամբ յաղթանակ կը տանի: Ես պնդում եմ, որ դա է եղել հիմնական պատճառը, որ ընդդիմութիւնը խուսափեց ժողովրդին հարցնելուց, թէ Հայաստանի ապագայի հետ կապուած իրենք ինչ կարծիք ունեն»,-ըսաւ ԱԺ-ի փոխնախագահը:

Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք մտահոգութիւններ չունի՞ն ընդդիմութեան կողմէ յայտարարուած հանրահաւաքներու առնչութեամբ, այն առնչութեամբ, որ քաղաքացիներու թիւը կրնայ կրկնապատկուիլ՝ Սիմոնեան քաղաքացիներու հետ կապուած մտահոգութիւն ունենալը համարեց ամենասխալ բանը՝ շեշտելով, որ քաղաքացիները երկրի տէրն են: «Մենք 20 տարի Սերժ Սարգսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի դէմ հանրահաւաք արեցինք, հիմա էլ ընդդիմութեան հանրահաւաքները որեւէ կերպ չեն խոչընդոտուում՝ ի տարբերութիւն անցեալի: Հիմա էլ մարդիկ կարող են հանրահաւաքներ անել: Շատ ուրախ եմ, որ քաղաքական գործընթացները շատ աւելի մեծ տեղ են գտել այսօր, քան օրինակ 2-3 ամիս առաջ»,-ըսաւ Սիմոնեան:

Ան ցաւալի համարեց, որ ընդդիմութիւնը չընդունեց իշխանութեան՝ նոր ընտրութիւններ կատարելու առաջարկը եւ ընտրեց փողոցային պայքարի տարբերակը, սակայն շեշտեց, որ այդ անոնց իրաւունքն է: «Ես պատրաստ եմ ամէն ինչ անել, որ իրենց իրաւունքը իրագործուի»,-նշեց Սիմոնեան:

Միեւնոյն ժամանակ Սիմոնեան ըսաւ, որ իշխանութիւնը օրէնքի սահմանով պիտի պահպանէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կարգ ու կանոնը եւ օրինականութիւնը:

Անդրադառնալով հարցին, թէ ինչո՞ւ ոստիկանները քանի մը շարքով կանգնած են կառավարական շէնքերուն մօտ, եւ արդեօք իշխանութեան մօտ վախի զգացո՞ւմ կայ, Սիմոնեան ըսաւ, որ ատիկա կը կատարուի բնականոն աշխատանքը ապահովելու համար: Խօսելով այն մասին, թէ ինչու նախապէս այդպէս չէր, ան ըսաւ, որ նախապէս ընդդիմութեան առաջնորդներուն կողմէ ծայրայեղ յայտարարութիւններ չէին հնչեր եւ բռնութեան կոչեր չէին ըլլար: «Բնականոն աշխատանքն ապահովելու, ինչպէս նաեւ ընդդիմութեան բնականոն գործունէութիւնը՝ ցոյցերի եւ հաւաքների միջոցով իրենց իրաւունքն իրագործելու առումով ոստիկանութիւնը ապահովում է կարգ ու կանոնը»,-ըսաւ Սիմոնեան ու շնորհակալութիւն յայտնեց ոստիկանութեան աշխատակիցներուն՝ լաւ աշխատանքի համար, որ որեւէ մէկը չէ տուժած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment