Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայ Ժողովրդի Մշակութային Արժէքներու Իւրացումը Չի Նպաստեր Խաղաղութեան․ ՀՀ ԱԳՆ-ի Խօսնակը կը Հակադարձէ Ատրպէյճանի Նախագահին

Հայ Ժողովրդի Մշակութային Արժէքներու Իւրացումը Չի Նպաստեր Խաղաղութեան․ ՀՀ ԱԳՆ-ի Խօսնակը կը Հակադարձէ Ատրպէյճանի Նախագահին

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները ԻՍԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Սալիմ պըն Մուհամմետ ալՄալիքի հետ հանդիպման ընթացքին կու գան անգամ մը եւս ապացուցելու, որ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն ներս հայկական մշակութային ժառանգութիւնը լուրջ սպառնալիքի տակ է, եւ այդ պետութիւնը չի կրնար ըլլալ մշակութային ու կրօնական յուշարձաններու պատշաճ պահպանութեան երաշխաւորը: Այդ մասին այսօր յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Աննա Նաղտալեան՝ շեշտելով, որ հայկական ժառանգութեան ինքնութեան խեղաթիւրումը «մշակութային թալանի» փորձ է, ինչ որ նաեւ համապատասխան միջազգային իրաւական գործիքներու կոպիտ ոտնահարում է:

«Հայկական հազարաւոր կրօնական եւ աշխարհիկ յուշարձանները արարուած են Ատրպէյճանի ստեղծումէն դարեր առաջ եւ որեւէ առնչութիւն չունին ատրպէյճանական ինքնութեան հետ: Այդ յուշարձանները հայ ժողովուրդէն օտարացնելու փորձերը չունին որեւէ մէկ պատմական, դաւանաբանական եւ բարոյական հիմնաւորում:

Յատկանշական է, որ ‹‹աղուանացման թէզը›› Ատրպէյճան առաջ տարած է նաեւ Նախիջեւանի հայկական խաչքարերու ոչնչացումը արդարացնելու նպատակով, ինչ որ ցոյց կու տայ հայկական յուշարձաններու ինքնութեան ոչնչացման եւ խեղաթիւրման գործելակերպի վտանգաւորութիւնը:

Հայկական կամ տարածաշրջանի այլ ժողովուրդներու քրիստոնէական ժառանգութիւնը աղուանական ներկայացնելու կեղծ գիտական թէզը Ատրպէյճանէն դուրս որեւէ լուրջ շրջանառում չունի եւ ընկալելի չէ միջազգային ակադեմիական հանրութեան համար, – նշած է Նաղտալեան։

Յունուար 13-ին, ԻՍԵՍՔՕ-ի՝ Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերով իսլամական կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնի հետ հանդիպման ժամանակ, Ալիեւ, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, մասնաւորապէս յայտարարած է, թէ հայերը «փոխած են մեր քաղաքներու եւ գիւղերու անուանումները, փոխած են նոյնիսկ քրիստոնէական կրօնական յուշարձաններու ծագումը», «փոխած են հին ուտիներու կրօնական ժառանգութեան ծագումը», «հին Կովկասեան Աղուանքի եկեղեցիները վերածած են հայկական եկեղեցիներու»։

Յատկանշական է, որ Ալիեւ յայտարարութիւնը ըրած է Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերով իսլամական կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնի ներկայութեամբ եւ փորձած է կրօնական երանգ տալ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն, նշած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակը։

«Խաթարելով միջազգային հանրութեան ջանքերը` ուղղուած Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանմանը՝ Ատրպէյճանը շարունակական խնդիրներ է ստեղծում միջազգային մասնագիտական կառոյցների, նախեւառաջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համար մուտք գործելու տարածաշրջան՝ վերջինիս մեղադրելով կողմնապահութեան մէջ: Այնինչ իրականում Ատրպէյճանն է անպատասխանատու կերպով շահարկում կրօնական գործօնն այն պարագայում, երբ Հայաստանը մշտապէս հանդէս է եկել միջկրօնական երկխօսութեան եւ քաղաքակրթական համագործակցութեան դիրքերից՝ մշակութային ժառանգութիւնը համարելով համամարդկային եւ համընդհանուր արժէք:

Ատրպէյճանական վերահսկողութեան ներքոյ յայտնուած բազմաթիւ հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական կոթողների պահպանութիւնը պէտք է լինի խաղաղ գործընթացի կարեւոր մաս՝ հաշուի առնելով հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման անցեալի բազմաթիւ փաստերը։ Այս համաթեքսթում Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը եւ պետական քարոզչամեքենան պէտք է անյապաղ վերջ դնեն հայկական եկեղեցիների ինքնութեան իւրացման եւ խեղաթիւրման դատապարտելի մօտեցմանը եւ առնուազն ցուցաբերեն պատշաճ յարգանք մշակութային եւ կրօնական կոթողների նկատմամբ:

Հայ ժողովրդի մշակութային արժէքների իւրացումը կամ խեղաթիւրումը, հայ ժողովրդի իրաւունքների ոտնահարումը չեն նպաստում տարածաշրջանային խաղաղութեանը։ Այս առումով կրօնական սրբավայրերի պատշաճ պահպանութիւնը թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ հոգեւոր տեսակէտից կարող է ստեղծել նախադրեալներ տարածաշրջանում խաղաղութեան համար», – ըսուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակի յայտարարութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment