Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 257-ով, Բուժուածներունը՝ 128-ով, Գրանցուած Է Մահուան 3 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 257-ով, Բուժուածներունը՝ 128-ով, Գրանցուած Է Մահուան 3 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 257-ով՝ հասնելով 46376-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 3 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր ժամը 11-ի սահմաններուն կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 128-ով եւ հասած 42 069-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 4 135 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 247 839-ի:

Մահուան դէպքերու վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդած է որ բոլոր հիւանդները ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացողներու ընդհանուր թիւը հասաւ 923-ի, եւս 283 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 3101 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment