Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը կը Շարունակէ Նուազիլ

«Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը կը Շարունակէ Նուազիլ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն փաստացի բուժուողներու թիւը 7 հազարէն պակաս է` 6793 մարդ: Վերջին անգամ «Քորոնա» ժահրի աշխոյժ դէպքերու թիւը Հայաստանի մէջ 7 հազարէն քիչ եղած էր երկու ամիս առաջ` Յունիս 3-ին:

«Քորոնա» ժահրի դէպքերու անկման դրական միտումը կը շարունակուի, կ’ըսէ Առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեան. – «Թուերն իրենք իրենցով արդէն ցոյց են տալիս էական նուազումը: Բայց, ինչպէս նախկինում, հիմա էլ անընդհատ կրկնելու ենք, որ զգօնութիւնը թուլացնել չի կարելի: Որովհետեւ եթէ թուլացնենք, թուերը սկսելու են աճել»:

Վերջին մէկ օրուայ մէջ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու թիւը աւելցած է 23-ով՝ հասնելով 40 433-ի: Ինչպէս եւ նախորդ հանգստեան օրերուն, այս անգամ եւս կատարուած է սովորականէն քիչ` 340 հետազօտութիւն, դրական եղած է անոնց 6,8 տոկոսը:

Նախարարութիւնը կը յորդորէ շարունակել պահպանել հակահամաճարակային երեք կանոնները` կրել դիմակներ, պահպանել ընկերային հեռաւորութիւն եւ պարբերաբար ախտահանել ձեռքերը:

Կը շարունակուի նուազիլ նաեւ հիւանդութիւնը բարդացումներով տանող հիւանդներու թիւը: Երէկուայ՝ Օգոստոս 9-ի դրութեամբ, «Քորոնա» ժահրը ծանր կը տանի 270 մարդ, 67 անձ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է, 17 մարդ միացուած է թոքերու արհեստական օդափոխման սարքին:

Մասնագէտը կը յորդորէ զգօն ըլլալ` ընդգծելով, որ հակառակ պարագային թիւերը կ’աճին: Պետրոսեանի գնահատումով՝ մայրաքաղի կանոնները հիմնականօրէն կը պահպանուին, սակայն մարզերուն մէջ բարձիթողի վիճակ է, ինչ որ մտահոգիչ է. – «Կապը տարբեր մարզային բուժհաստատութիւնների հետ փաստում են դա, որ շատ վատ է դրուած հարցը, յատկապէս դիմակների կրելը»:

Երէկ՝ քովիտէն մահացած է 67-85 տարեկան 5 մարդ: Մահացածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 796-ի: «Նրանք բոլորն ունեցել են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ», – նշեց Նիկողոսեան:

Եւս 228 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երէկ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 1 նոր դէպք` հասնելով 251-ի: 13 մարդ ապաքինուած է: Արցախի մէջ այժմ քովիտէն կը բուժուին 23 մարդ: Բժիշկները 4 հիւանդի առողջական վիճակը կը գնահատեն ծանր, 3-ինը` միջին ծանրութեան:

Մինչեւ օրս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 1 անձ մահացած է, սակայն` այլ պատճառներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment