Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահր: 314 Հետազօտութենէն Դրական Եղած Է 73-ին Պատասխանը

«Քորոնա» Ժահր: 314 Հետազօտութենէն Դրական Եղած Է 73-ին Պատասխանը

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին օրուայ ընթացքին տեղի ունեցած 314 հետազօտութենէն «Քորոնա» ժահր հաստատուած է 73 քաղաքացիի մօտ: Քովիտ-19-ի ընդհանուր դէպքերուն թիւը հասած է 37390-ի: Երէկ՝ Յուլիս 26-ին, հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 187-ով:

Առողջապահութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Ալինա Նիկողոսեան. – « Հաստատենք այս թիւը, որ փաստացի 37 հազար 390-ից բուժում այս պահին ստանում է 9 հազար 793 հիւանդ: Եւ ընդհանուր առմամբ կատարել ենք շուրջ 157 հազար 466 հետազօտութիւն: Նշեմ, որ 73-ը կապուած է քիչ կատարած հետազօտութիւնների հետ»: Կիրակի՝ «Քորոնա» ժահրէն մահուան 6 դէպք գրանցուած է:

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը վարակի տարածումէն սկսած հնարաւոր կրկնավարակի երկու դէպք արձանագրուած է:

«Կրկնավարակ գոյութիւն ունի». նման բովանդակութեամբ գրառում մը կատարած էր Ֆէյսպուքի էջին վրայ քաղաքացի մը: 23-ամեայ Արսէն Յարութիւնեան գրած է, թէ իր մօտ երկրորդ անգամ, նախորդ վարակումէն մօտ 40 օր ետք, «Քորոնա» ժահր ախտորոշուած է, այս անգամ` երկկողմանի թոքաբորբով:

Առողջապահութեան նախարարութենէն փոխանցեցին, որ նման դէպքերը իրենք կ’ուղարկեն միջազգային գործընկերներուն` ուսումնասիրութեան համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment