Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին․ Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանի Ստեղծուած Իրավիճակը Շատ Զգայուն Հարց Է Ռուսաստանի Համար

Փութին․ Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանի Ստեղծուած Իրավիճակը Շատ Զգայուն Հարց Է Ռուսաստանի Համար

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահը Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին կրկին քննարկած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակը, ընդգծելով, որ այդ շատ զգայուն հարց է Ռուսաստանի համար։

«Անդրադարձ եղած է Ռուսաստանի եւ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութիւն (ԱՊՀ) երկիրներու յարաբերութիւններուն, անոնց կարգին՝ Հայաստանին ու Ատրպէյճանին, այդ երկիրներու սահմանին վրայ շարունակուող լարուածութեան լոյսի ներքոյ», – ըսած է Քրեմլինի խօսնակ՝ Տիմիթրի Փեսքովը։ Այլ մանրամասնութիւններ ան չէ ներկայացուցած։

Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդը, նախագահ՝ Փութինի ղեկավարութեամբ, արդէն երկրորդ անգամ կ’անդրադառնայ հայ-ատրպէյճանական վերջին լարուածութեան։ Հարցը քննարկուած էր նաեւ մէկ շաբաթ առաջ, որմէ յետոյ Մոսկուան յայտարարած էր, որ պատրաստ է հանդէս գալ միջնորդական առաքելութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment