Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Սահմանային Համայնքներու Հզօրացում»- Դրամահաւաք-Արշաւ

«Սահմանային Համայնքներու Հզօրացում»- Դրամահաւաք-Արշաւ

by MassisPost

«Մենք չենք կոտրուի, չենք յանձնուի, սա մեր տունն է, մեր հողը, մեր դարաւոր իրաւունքը, նրանք քանդում են, մենք կառուցում ենք»՝ Տաւուշի անվախ բնակիչներն անսասան վճռականութեամբ կանգնած են անկանխատեսելի եւ վտանգաւոր թշնամիի դէմ՝ պաշտպանելու իրենց տունը, իրենց երկիրը եւ մեր սահմանները: Սահմանապահ համայնքները Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունին, ուստի այդ համայնքներուն անվտանգային, տնտեսական եւ ընկերային աջակցութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն է:

Տարիներ շարունակ Հիմնադրամը կ՛աջակցի մեր սահմաններու պահապան համայնքներուն՝ ենթակառուցուածքներու հիմնարար ծրագրերով, համայնքային կեդրոններ, դպրոցներ, մանկապարտէզներ, հիւանդանոցներ, ընկերային բնակարաններ կառուցելով, բուժանձնակազմերուն նոր գիտելիքներ փոխանցելով, հիւանդանոցներուն նորագոյն սարքեր տրամադրելով, նորարարական գիւղատնտեսական նախագծերով, արեւային ուժի վահանակներով ու ջրատաքացուցիչներով, մաքուր խմելու ջրով եւ այլն:

Հիմա աւելի, քան երբեւէ, այս աջակցութիւնն անհրաժեշտ է, որ պիտի օգնէ հզօրացնել Տաւուշի սահմանային բնակավայրերու ռեսուրսները եւ կայունացնել համայնքները, ամուր պահել հայրենի հողն ու ջուրը, եւ, ի վերջոյ, ապահովել սահմանների անվտանգութիւնը: Օրեր առաջ խախտուած հրադադարը կրկին ալեկոծեց մեր երկրի խաղաղութիւնը: Այսօր, ինչպէս միշտ, բոլորս համախմբուած ենք, բոլորիս նպատակը մէկ է՝ խաղաղ երկինք եւ արեւշատութիւն մեր երկրին:

Հիմա աւելի քան երբեք, այս աջակցութիւնն անհրաժեշտ է, որ պիտի օգնէ հզօրացնել Տաւուշի սահմանային բնակավայրերի ռեսուրսները եւ կայունացնել համայնքները, ամուր պահել հայրենի հողն ու ջուրը, եւ, ի վերջոյ, ապահովել սահմանների անվտանգութիւնը:

Այսօր սահմանային համայնքներու բնակիչները մեր, որպէս միասնական համահայկական ընտանիքի, աջակցութեան կարիքն ունին:

Հաւաքագրուած ողջ գումարը կ՛ուղղուի սահմանային համայնքների ամենահրատապ անհրաժեշտութիւն ունեցող ընկերա-տնտեսական խնդիրներու հասցէագրմանըª սկսած վնասուած տուները վերակառուցելու, համայնքները վերականգնուող ուժանիւթով եւ խմելու ջուրով ապահովելու, տուժած համայնքներուն ընկերային աջակցութիւն ցուցաբերելով, սահմանային հիւանդանոցները հզօրացնելով մինչեւ դպրոցականներին հեռավար կրթութեան համար անհրաժեշտ գործիքներ տրամադրելը:

Կոչ կ՛ընենք միանալ համահայկական այս կարեւոր ձեռնարկին: Ձեր նուիրատւութիււնները կարող էք իրականացնել՝ փոխանցումներ կատարելով «Հայաստան» հիմնադրամի պանկային հաշուեհամարներուն (տե՛ս կայքէջին մէջ) եւ նպատակի բանին մէջ նշելով՝ «Սահմանային համայնքներու հզօրացում», ինչպէս նաեւ հիմնադրամի կայքին մէջ ստեղծուած յատուկ դրամահաւաք-արշաւի այս հարթակում՝  https://www©himnadram©org/hy:

Նուիրատւութիւնները կարող էք իրականացնել նաեւ Սփիւռքի մէջ գործող Հիմնադրամի տեղական մարմիններու միջոցով: Բոլոր նուիրատուներու անունները եւ նուիրաբերած գումարներու չափը այս էջին մէջ պիտի տեղադրուի:
Դրամահաւաք-արշաւի վերաբերեալ ամփոփիչ հաշուետւութիւնը կը ներկայացուի ծրագրի աւարտին:
Միասի՛ն հզօրացնենք մեր սահմանապահ համայնքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment