Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 104-ով, Բուժուածներունը՝ 208-ով, Գրանցուած Է Մահուան 9 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 104-ով, Բուժուածներունը՝ 208-ով, Գրանցուած Է Մահուան 9 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 104-ով՝ հասնելով 34981-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 9 նոր դէպք, հաղորդած է Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր՝ Յուլիս 20-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 208-ով եւ հասած 23502-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 391 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 147108-ի:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 650-ի, եւս 209 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուին 10620 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment