Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան. «ՀՀ Զինուած Ուժերը Ցոյց Տուեցին Բարձր Մարտունակութիւն` Նաեւ Ջախջախելով Ալիեւի Կառուցած Միֆը»

Փաշինեան. «ՀՀ Զինուած Ուժերը Ցոյց Տուեցին Բարձր Մարտունակութիւն` Նաեւ Ջախջախելով Ալիեւի Կառուցած Միֆը»

by MassisPost

«Հայաստանի զինուած ուժերը ցոյց տուեցին բացառիկ բարձր մակարդակի մարտունակութիւն՝ ոչ միայն ապահովելով Հայաստանի սահմանների անձեռնմխելիութիւնը, այլեւ ջախջախելով մէկուկէս տասնամեակ Ատրպէյճանի գործող նախագահի կողմից կառուցուած միֆը՝ ատրպէյճանական բանակի մարտունակութեան մասին», նման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս կայացած խորհրդակցութեան ժամանակ:

Նախարարութեան, Զինուած ուժերու ղեկավար կազմի ու արտաքին գործ նախարարի մասնակցութեամբ հանդիպման ընթացքին Փաշինեան յայտնեց. – «Վերջին ամիսներին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բազմամեայ ռազմական հռետորաբանութիւնը սրուել է, եւ նա աւելի ագրեսիվ կերպով սպառնում էր Ղարաբաղի հարցը լուծել ուժային մեթոդներով` բացայայտ կերպով ի ցոյց դնելով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան շրջանակներում տեղի ունեցող բանակցային գործընթացը վիժեցնելու իր մտադրութիւնը: Այս ֆոնին զարգացնում էր Ատրպէյճանի բանակի հզօրութեան ու անպարտելիութեան մասին թեզը՝ փորձ անելով արդարացնել վերջին մէկուկէս տասնամեակում բանակի զարգացման պատրուակով ծախսուած միլիարդաւոր տոլարներն Ատրպէյճանի ժողովրդի բարեկեցութեանը չծառայեցնելու գործելակերպը»:

pashinyan-military-2

Ըստ Փաշինեանի՝ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը շարունակաբար կը յայտարարէր, թէ կը սպասէ Ալիեւի հրամանին՝ Ղարաբաղի հարցը ռազմական ճանապարհով լուծելու համար: «Այս ագրեսիվ յայտարարութիւնների ֆոնին բնականաբար Արցախի պաշտպանութեան բանակի զգօնութիւնը եւ ուշադրութիւնը պիտի կրկնապատկուած լինէր, եւ հետեւաբար Ատրպէյճանը որոշեց հարուածել անսպասելի ուղղութեամբ», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

«Նպատակը մէկն էր՝ անսպասելի հարուածով նիւթականացնել ատրպէյճանական բանակի անպարտելիութեան մասին առասպելը, ռազմական յաջողութեամբ ջախջախել հայկական կողմի բարոյահոգեբանական դիրքերը եւ այդ վիճակում յարձակում գործել Արցախի Հանրապետութեան ուղղութեամբ», – շարունակած է ան:

Վարչապետը աւելցնելով ըսած է թէ, Հայաստանի զինուած ուժերը, սակայն, ծրագիրը ձախողեցուցին, եւ Ատրպէյճանը իր այս գործողութիւններով վնաս հասցուց նաեւ իր հետ ռազմատեխնիկական լայն համագործակցութիւն ունեցող երկիրներուն. վերջին շաբաթուայ ընթացքին հայկական Զինուած ուժերուն կողմէ խոցուեցան զինատեսակներ, որոնք ամբողջ աշխարհով կը համարուէին անխոցելի:

Ըստ վարչապետի՝ ամենազարմանալին Ատրպէյճանի ղեկավարութեան քամահրական վերաբերմունքն է սեփական զինուորներու կեանքի նկատմամբ` որոնք կ՛ուղարկուին կանխատեսելի մահուան` ակնյայտ անիրագործելի խնդիրներ լուծելու համար. – «Ատրպէյճանական քարոզչութիւնը, փորձելով քօղարկել սեփական ձախողումը, սկսել է զարգացնել մի թեզ, թէ Հայաստանի զինուած ուժերը դիրքաւորուել են Ատրպէյճանից սկիզբ առնող միջազգային էներգետիկ ենթակառուցուածքները խոցելու եւ շարքից հանելու նպատակով: Սա արւում է՝ Հայաստանին որպէս գլոբալ սպառնալիք ներկայացնելու համար: Բայց այս մտքի անհեթեթութեան կարեւորագոյն ապացոյցն է այն, որ զուտ տեսականօրէն նման գործողութիւն ձեռնարկելու հնարաւորութիւն Հայաստանն ունեցել է նաեւ վերջին շաբաթուայ իրադարձութիւններից առաջ էլ: Բայց նման նպատակ չի ունեցել երբեք եւ չունի, որովհետեւ մեր քաղաքական օրակարգում չի եղել եւ չկայ տարածաշրջանում ու աշխարհում տնտեսական, քաղաքական, ռազմաքաղաքական, անվտանգային անկայունութիւն եւ սպառնալիքներ ստեղծելը ու չի լինելու: Մեր խնդիրը մեր ինքնիշխանութիւնը, մեր սահմանները, ժողովրդի անվտանգութիւնն ապահովելն է», – ըսած է վարչապետ Փաշինեանը` աւելցնելով, որ Ատրպէյճան այժմ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ կլոպալ անվտանգութեան առումով ալ սպառնալիքներ կը ստեղծէ:

pashinyan-military-3

Ատրպէյճանի կողմէ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ կարնան հրթիռային հարուած հասցնել Մեծամօրի ատոմակայանին:

«Ճիշդ է` Հայաստանն ի վիճակի է ապահովել սեփական, այդ թւում՝ Մեծամօրի ատոմակայանի անվտանգութիւնը, բայց սա մի յայտարարութիւն է, որ աներկբայօրէն պէտք է դիտարկուի որպէս մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն, որովհետեւ նմանատիպ գործողութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուած ահաբեկչութիւն ձեռնարկելու սպառնալիք է եւ պէտք է արժանանայ համապատասխան միջազգային արձագանքի եւ հետաքննութեան», – ըսած է վարչապետը:
Ըստ Փաշինեանի, հայկական կողմի դիրքորոշումը կը մնայ նոյնը. ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ բանակցային գործընթացը պէտք է շարունակուի, Ատրպէյճան ի վերջոյ պէտք է կառուցողական դիրքորոշում որդեգրէ: Ի վերջոյ, ստեղծուի հրադադարի ռեժիմի պահպանման վստահելի հսկողութեան միջազգային համակարգ:

«Եւ վերջում, թոյլ տուէք գոհունակութիւն արտայայտել Հայաստանի զինուած ուժերի բարձր մարտունակութեան առիթով եւ արձանագրել, որ Զինուած ուժերի զարգացման այն քաղաքական ուղեգիծը, որը որդեգրել է մեր կառավարութիւնը, այդ թւում՝ ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացման մասով, լիովին արդարացնում է իրեն, եւ որեւէ կասկած չկայ, որ մենք այդ ուղեգիծը կը շարունակենք», – յայտարարած է վարչապետը:

Փաշինեան շեշտած է որ, Զինուած Ուժերու զարգացման առաջնահերթութիւններու առաջնահերթութիւնն է, եւ այս առումով կայ մէկ խնդիր, որ ամբողջովին չէ լուծուած՝ կոռուպցիոն ճանապարհով ձեռք բերուած գումարները պէտք է վերադառնան պետութեան եւ ուղղուին Զինուած Ուժերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment