Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Հանդիպած է Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի Հետ

Վարչապետ Փաշինեան Հանդիպած է Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի Հետ

by MassisPost

Մինսքի մէջ տեղի ունեցած է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Պելառուսիոյ նախագահ՝ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հանդիպումը:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը յայտնած է, որ Պելառուսիոյ նախագահը անդրադարձած է Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) ծիրէն ներս համագործակցութեան ու խնդիրներու լուծման:

«Անկեղծ ասած, ԵՏՄ-ի մէջ կան բազմաթիւ խնդիրներ կապուած այն բանի հետ, որ մենք չենք կատարած այն, որու մասին համաձայնութիւն ձեռք բերած ենք: Մենք դեռ ունինք բաւարար խոչընդոտներ, միջպետական սահմաններուն վրայ կան խոչընդոտներ: Արդէն նոյնիսկ ձեռնարկատիրութիւնը այդ կը  յայտարարէ: Կը թուի, թէ սահմաններ չկան եւ սահմանին վրայ լարուածութիւնը չափազանցուած է: Դուք այդ ինձմէ վատ չէք զգար: Հետեւաբար, ընելիքներ կան: Բայց ես շատ կը ցանկայի, որ վարչապետներու հանդիպումը խթան հաղորդէ այդ խնդիրներու լուծման:

Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդը յստակ քայլ էր ԵԱՏՄ տարածքի յարաբերութիւններու խորացման գործով: Յամենայն դէպս, ես կը ցանկայի, որ այդպէս ըլլար: Տեղի ունեցած են կարծիքներու լուրջ փոխանակումներ: Որքան ես տեղեկացայ, Դուք այդ հանդիպման շարժիչ ուժը եղած էք», – ըսած է Պելառուսիոյ նախագահը:

Ըստ Լուքաշենքոյի Պելառուսը եւ Հայաստանը հիմնականօրէն նոյն խնդիրները ունին Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ:

Վարչապետ Փաշինեան իր հերթին նշած է. «Այսօրուայ նիստում մենք լսեցինք խոչընդոտների վերացման վերաբերեալ զեկոյցը: Եւ կարող եմ ասել, որ բաւականին լաւ արդիւնքներ ունենք: Կարող եմ Հայաստանի օրինակը բերել: Մենք պէտք է վերացնէինք երկու խոչընդոտ եւ մենք դա արդէն արել ենք: Մի որոշումն արդէն ուժի մէջ է մտել, միւսն ընդունուել է, բայց ուժի մէջ կը մտնի աւելի ուշ:

Ռուսաստանը եւս վերացրել է երկու խոչընդոտ, մեր միւս գործընկերներն էլ: Մենք այսօր լսեցինք զեկոյց՝ տասը խոչընդոտների վերաբերեալ, եւ ընդհանուր առմամբ ութը խոչընդոտ փաստացի արդէն վերացուել է: Քննարկուեցին նաեւ շատ կարեւոր հարցեր՝ կառավարութիւնների ծրագրերին ԵԱՏՄ-ի ձեռնարկութիւնների եւ կազմակերպութիւնների մասնակցութեան վերաբերեալ: Մենք այդ հարցում եւս հասանք բաւականին լաւ որոշման: Վստահ եմ, որ այս հարցը կը լուծուի այսօրուայ հանդիպման արդիւնքում:

Այդ հարցերը հետաքրքրում են մեզ բոլորիս: Գիտեմ, որ կան յստակ հարցեր, որոնք յատկապէս հետաքրքիր են Պելառուսիոյ համար, կան հարցեր, որոնք յատկապէս հետաքրքիր են Հայաստանին: Կարծում եմ, եթէ մեզ յաջողուի պահպանել քաղաքական կամքը ներկայ մակարդակում, բոլոր հարցերը կը լուծուեն: Մենք պարզապէս պէտք է աշխատենք դրա վրայ»:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հայ-պելառուսական յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր, մտքեր փոխանակած են «Քորոնա» ժահրի յաղթահարման եւ ճգնաժամէն դուրս գալու հնարաւորութիւններու վերաբերեալ:

Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին վրայ հակառակորդի կողմէն սանձազերծուած մագլցումին եւ մանրամասնութիւններ փոխանցած Պելառուսիոյ իր գործընկերոջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment