Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վերաքննիչը Բեկանեց Ծառուկեանի Խափանման Միջոցի Մասին Որոշումը ու Գործը Ուղարկեց Նոր Քննութեան

Վերաքննիչը Բեկանեց Ծառուկեանի Խափանման Միջոցի Մասին Որոշումը ու Գործը Ուղարկեց Նոր Քննութեան

by MassisPost

Վերաքննիչ քրէական դատարանը բեկանեց ընդդիմադիր գործիչ, Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան առաջնորդ՝ Գագիկ Ծառուկեանի խափանման միջոցի մասին առաջին ատեանի դատարանի որոշումը ու անիկա յետ ուղարկեց նոր քննութեան, «Ազատութեան» յայտնեց Ծառուկեանի փաստաբաններէն Սամուէլ Տիլպանտեան:

Փաստաբանին փոխանցումով` Ծառուկեանին կալանաւորելու որոշում Վերաքննիչը չէ կայացուցած: Իրենց դիմումները մերժած է, իսկ դատախազութեան դիմումը բաւարարած է մասնակի: Թէ յստակ որ հատուածն է բաւարարել, ան տեղեակ չէ: Յիշեցնենք, որ դատախազութիւնը կը պահանջէր կալանաւորել Գագիկ Ծառուկեանը:

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդը կը մեղադրուի 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ ընտրակաշառք տալը կազմակերպելու համար։

Ծառուկեան մեղադրանքը չ’ընդունիր պնդելով, թէ քաղաքական հետապնդման կ’ենթարկուի, կառավարութեան հրաժարականը պահանջելուն համար։ Իշխանութիւնը կտրականապէս կը հերքէ Ծառուկեանի այդ պնդումները, յորդորելով հարցը դիտարկել միայն իրաւական հարթութեան վրայ։

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանը մերժած էր Ծառուկեանին կալանաւորելու Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան միջնորդութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment