Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Կը ՏօնԷ Սահմանադրութեան Օրը – «Մեր Երկրին Հարկաւոր Է Նոր Սահմանադրութիւն». Փաշինեան

Հայաստան Կը ՏօնԷ Սահմանադրութեան Օրը – «Մեր Երկրին Հարկաւոր Է Նոր Սահմանադրութիւն». Փաշինեան

by MassisPost

Յուլիսի 5-ին Հայաստան կը նշէ Սահմանադրութեան օրը:

«Սահմանադրութիւնը ոչ միայն իրաւունք ու պարտականութիւն է, այլեւ մտածողութեան ու գործունէութեան մշակոյթ, արժէհամակարգ, փիլիսոփայութիւն», – ըսուած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի Մայիս 5-ի ուղերձին մէջ:

Նախագահը կը յայտնէ նաեւ, որ իւրաքանչիւրէն կը պահանջուի առաւելագոյն ջանքեր ու պատասխանատուութիւն, կարգապահութիւն եւ զգօնութիւն՝ մարտահրաւէրները արժանապատուութեամբ յաղթահարելու եւ յառաջ շարժուելու համար. «Մենք պարտաւոր ենք լինել շրջահայեաց, միասնական ու նախաձեռնող, որ ունենանք եւ վաղուայ սերունդներին փոխանցենք կայուն եւ զարգացած երկիր՝ ուժեղ պետութեան, համերաշխ եւ հանդուրժող հասարակութեան, պետական անխաթար խորհրդանիշերի՝ դրօշի, զինանշանի, օրհներգի, պետութեան զարգացման եւ ազգային միասնականութեան հիմքը կազմող Սահմանադրութեան տեսքով, որպէս հզօր եւ բոլոր առումներով առողջ Հայաստան»:

Շնորհաւորական իր խօսքին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է որ, Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ երեք անգամ պաշտօնապէս արձանագրուած է, որ ժողովուրդը հանրաքուէով ընդունած է Սահմանադրութիւն, կամ սահմանադրական փոփոխութիւններ: «Բայց այդ հանրաքուէներից ոչ մէկի արդիւնքները վստահելի չեն համարուել հանրութեան կողմից: Հայաստանի քաղաքացիները իրենցը չեն համարել Սահմանադրութիւն ընդունելու կամ փոփոխելու որոշումը, իրենցը չեն համարել նաեւ այդ որոշումների արդիւնքում ընդունուած Սահմանադրութիւնը:

«Սա մեր պետական կառոյցի ամենամեծ համակարգային թերութիւնն է, որովհետեւ Սահմանադրութիւնը, ըստ էութեան, քաղաքացիների պայմանաւորուածութիւն պիտի լինի քաղաքացի-քաղաքացի, պետութիւն-քաղաքացի յարաբերութիւնների մասին», – ըսուած է վարչապետի խօսքին մէջ:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է որ, հակառակ իր այն դիրքորոշումին, որ Սահմանադրութեան յաճախակի փոփոխութիւնները անհարկի ճնշումի կ՛ենթարկեն պետական համակարգը, Սահմանադրութեան անընդհատ փոփոխութիւններ կը բերեն անորոշութիւններու, վերոնշեալ հանգամանքներու գիտակցումը իրեն բերած են այն եզրակացութեան, որ երկրին հարկաւոր է նոր Սահմանադրութիւն, որ քաղաքացիներու կամքի վրայ յենուած, քաղաքացիներու կամքէն բխող պետական կարգ կը հաստատի Հայաստանի մէջ:

«Նոր Սահմանադրութիւնը, ըստ այդմ, պէտք է ստեղծուի ոչ թէ կոնկրետ անձի, անձանց, քաղաքական ուժի կամ խմբի ճաշակով ու «հագով», ոչ թէ որեւէ իշխանութեան վերարտադրութիւնն ապահովելու նպատակ պէտք է ունենայ, այլ ժողովրդի իշխանութիւնն ամրացնելու, ժողովրդի կամքից բխող պետական կարգ ունենալու ու պետութիւն ունենալու քաղաքացիների կամքն արտայայտելու ռազմավարական հարցը պէտք է լուծի:

«Այս գործընթացը մեկնարկած է, յոյս ունենք` նոր Սահմանադրութեան նախագծի ձեւաւորումը կ’անցնի հնարաւորինս լայն հանրային քննարկում եւ 2021 թուականին կայանալիք հանրաքուէով կ’ընդունուի ժողովրդի ազատ կամարտայայտմամբ», – ըսուած է վարչապետի խօսքին մէջ:

Հայաստանի առաջին Սահմանադրութիւնը ընդունուած է 1995 թուականի Յուլիսի 5-ի համաժողովրդական հանրաքուէով եւ ապա փոփոխութեան ենթարկուած է՝ 2005 եւ 2015 թուականներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment