«Իմ քայլը» խմբակցութեան խումբ մը պատգամաւորներու կողմէ ներկայացուած նախագիծը Ազգային ժողովը ընդունեց 89 կողմ ձայնով, առանց դէմ եւ ձեռնպահ ձայներու: Ընդդիմադիր «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները քուէարկութեան չեն մասնակցած:
Այս փոփոխութիւնները, ըստ էութեան՝ կու գան փոխարինելու յետաձգուած սահմանադրական հանրաքուէին:
Նախագիծով առաջարկուած է դադրեցնել 12 տարիէն աւելի պաշտօնավարած Սահմանադրական Դատարանի դատաւորներու լիազօրութիւնները եւ թափուր տեղերը լրացնելէ յետոյ կազմակերպել դատաւորներու կողմէ Սահմանադրական դատարանի նախագահի ընտրութիւն: Այդպիսով կը դադրեցուի ՍԴ-ի նախագահ Հրայր Թովմասեանի պաշտօնավարումը:
Նախագիծը խորհրդարանի արտահերթ նիստին ներկայացուց պատգամաւոր՝ Վահագն Յովակիմեան:
Ան, մասնաւորապէս, ըսաւ. – «Ճգնաժամի պատճառը այն գործունէութիւնն է, որը այդ մարմինը ծաւալել է իր հիմնադրման պահից` 1996 փետրուար 6-ին յաջորդած 22 տարիներին»:
Սահմանադրութեան 213-րդ յօդուածի փոխոխութիւնները ուժի մէջ մտնելու պահէն Հրայր Թովմասեան կը շարունակէ պաշտօնավարել, որպէս Սահմանադրական դատարանի անդամ: Կը դադրեցուին նաեւ ՍԴ-ի 9 անդամներէն 3-ի լիազօրութիւնները` Հրանդ Նազարեանի, Ֆելիքս Թոխեանի եւ Ալվինա Կիւլումեանի:
Հրանդ Նազարեան ՍԴ-ի դատաւոր նշանակուած է 1997 թուականին, իսկ Ֆելիքս Թոխեանը` 1997 թուականին, եւ կը պաշտօնավարեն համապատասխանաբար 25 եւ 24 տարի:
Ալվինա Կիւլումեանը նախ պաշտօնավարած է 1996-2003 թուականներուն, ապա կրկին նշանակուած է 2014-ին ու կը պաշտօնավարէ մինչեւ օրս, աւելի քան 12 տարի:
Յարակից զեկուցող, Արդարադատութեան նախարար՝ Ռուստամ Պատասեան անդրադարձաւ նախագիծի վերաբերեալ Վենետիկի յանձնաժողովէն ստացուած եզրակացութեան. – «Մասնաւորապէս, Վենետիկի յանձնաժողովը նշել է, որ դատաւորների անփոփոխելիութեան սկզբունքը ԵԽ (Եւրոպայի Խորհուրդ) տարածքում չափազանց կարեւոր երաշխիք է: Եւ Վենետիկի յանձնաժողովը չափազանց զգուշաւորութեամբ է խորհուրդ տալիս վերաբերել ցանկացած փոփոխութեանը, որը այս սկզբունքին որեւէ կերպ առնչուում է»: