Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Չեխիոյ Սենատը Ծերակոյտը Միաձայն Ընդունուած Բանաձեւով Դատապարտած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Չեխիոյ Սենատը Ծերակոյտը Միաձայն Ընդունուած Բանաձեւով Դատապարտած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Սենատը Ծերակոյտը, Մայիս 20-ի երեկոյեան, միաձայն ընդունուած բանաձեւով դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Փրակայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան փոխանցումով՝ Սենատի Ծերակոյտի փոխ նախագահ Միլան Շտյեխի հեղինակած բանաձեւը նուիրուած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտելու 75-ամեակին եւ երկու համաշխարհային պատերազմներու ընթացքին մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւններու, անոնց կարգին՝ մէկուկէս միլիոն հայերու ցեղասպանութեան դատապարտման։

Չեխիոյ օրէնսդիր մարմնի ստորին պալատը Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ ընդունած էր 2017 թուականին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment