Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Պատերազմի Սպառնալիքները Չեն Կրնար Ազդել Հայկական Կողմերու Դիրքորոշումներուն Վրայ

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Պատերազմի Սպառնալիքները Չեն Կրնար Ազդել Հայկական Կողմերու Դիրքորոշումներուն Վրայ

by MassisPost

Պատերազմի սպառնալիքները եւ ռազմատենչ կեցուածքը, ըլլանք անոնք յայտարարութիւններու, թէ միջազգային յաձնառութիւններու խախտմամբ կայացուող լայնամասշտաբ զօրավարժութիւններու տեսքով, Ատրպէյճանի ոչ կառուցողական դիրքորոշման աւանդական բաղադրիչներն են, որոնք որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ ղարաբաղեան հիմնահարցին վերաբերեալ հայկական կողմերու դիրքորոշումներուն եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական գործընթացներուն վրայ: Այսպէս արձագանգած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար՝ Աննա Նաղտալեանը Արցախի նորընտիր նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի, Շուշիի մէջ կայանալիք երդմնակալութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան:

«Այնուհանդերձ, դրանք միանշանակօրէն վնասում են խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորմանը, որն անհրաժեշտ է բովանդակային հարցերի դիտարկման համար: Հայաստանը հաւատարիմ է հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորմանը՝ ԵԱՀԿ (Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խմբի համանախագահութեան շրջանակներում», – շեշտած է Նաղտալեան իր մեկնաբանութեան մէջ, զոր հրապարակած է Արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը:

«Եւս մէկ անգամ շնորհաւորելով Արցախի ժողովրդին ժողովրդավարական գործընթացների արդիւնքում իշխանութիւն ձեւաւորելու կապակցութեամբ՝ ցանկանում ենք վերահաստատել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակի սերտօրէն համագործակցել խաղաղ գործընթացում Արցախի ժողովրդին ներկայացնող նոր իշխանութիւնների հետ եւ այդ համաթեքսթում հետեւողականօրէն պաշտպանել Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը՝ առանց որեւէ սահմանափակման», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը Մայիս 20-ին հրապարակած յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, «սադրանք» որակած է թէ՛ Արցախի այս տարուայ կատարուած ընտրութիւնները, թէ՛ նորընտիր նախագահի երդմնակալութիւնը, պնդելով նաեւ, թէ այդ արարողութեան Հայաստանի վարչապետի մասնակցութիւնը «սեւ բիծ է իրեն ժողովրդավար ներկայացնող մարդու վարկի վրայ»: «Պատերազմը դեռ աւարտուած չէ, եւ Ատրպէյճան իրեն իրաւունք է վերապահում իր տարածքային ամբողջականութիւնը միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմաններում վերականգնել բոլոր անհրաժեշտ եղանակներով», – Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու փոխանցումով, նաեւ յայտարարած էր պաշտօնական Պաքուն, աւելցնելով. – «Թող ոչ ոք չկասկածի, որ  բռնագրաւուած տարածքներն ազատագրուելու են»:

Յիշեցնենք, որ Արցախի մէջ այսօր իր պարտականութիւնները կը ստանձնէ նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ առաջին նիստը կը գումարէ նորընտիր՝ 7-րդ գումարման Ազգային ժողովը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment