Հայաստան նախորդ մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերուն թիւը աճած է 230-ով՝ հասնելով 5271-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան եւս 3 դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութիւնը:
Գերատեսչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 255-ով եւ հասած 2419-ի:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած հետազօտութիւններուն ընդհանուր թիւը կը կազմէ 44071:
Մահուան դէպքերուն վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ. – «Հիւանդները եղել են 78 (տղամարդ), 65 (տղամարդ), 68 (տղամարդ) տարեկան եւ ունեցել են ուղեկցող քրոնիքական հիւանդութիւններ: Նախորդ օրը արձանագրուել է մահուան 2 դէպք, երբ հիւանդների մօտ հաստատուել է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ է հասել այլ հիւանդութեան պատճառով»:
Մահացածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 67-ի, «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս 27 անձ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:
Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն, տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուին 2758 մարդ:
Նշենք, որ փաստացի բուժուողներուն թիւը նախորդ օրուայ համեմատ նուազած է 30-ով: