Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ազգային Ժողովի «Իմ Քայլը» Խմբակցութեան Պատգամաւոր Հրաչեայ Յակոբեան Դատի Տուած Է Չորս Հոգի

Ազգային Ժողովի «Իմ Քայլը» Խմբակցութեան Պատգամաւոր Հրաչեայ Յակոբեան Դատի Տուած Է Չորս Հոգի

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Հրաչեայ Յակոբեան, որ նաեւ վարչապետի տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի եղբայրն է, դատի տուած է «Ատեքվաթ» միաբանութեան համահիմնադիր Արթուր Դանիէլեանը, «Քաղաքացիական գիտակցութիւն» Հասարակական Կազմակերպութեան ղեկավար՝ Նարեկ Սամսոնեանը, քաղաքագէտ Գագիկ Համբարեանը եւ «Առողջ հանրութիւն» Հասարակական Կազմակերպութեան նախագահ՝ Մարինա Խաչատրեանը։

Ներկայացուած հայցադիմումով Յակոբեան կը պահանջէ, հրապարակայնօրէն հերքել եւ ներողութիւն խնդրել, պատիւը, արժանապատուութիւնը եւ գործարար համբաւը արատաւորող վիրաւորական եւ զրպարտող արտայայտութիւններուն համար։

Դատական տեղեկատուական համակարգէն «Փաստինֆո»-ն տեղեկացաւ, որ հայցադիմումը դատարան մտած է Մայիս 12-ին եւ նոյն օրը մակագրուած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Դանիէլ Մխեյեանին։ Տակաւին չկայ տեղեկատուութիւն, հայցադիմումը վարոյթ ընդունելու վերաբերեալ։

Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան իրաւապահները Երեւանէն 40 թոն մաքսանենգ ծխախոտ տեղափոխող ինքնաթիռ կալանաւորած են: Այս լուրէն յետոյ մամուլի եւ սոցիալական ցանցերուն մէջ տեղեկութիւններ յայտնուեցան, որ սոյն մաքսանենգութեան ետեւը կանգնած է Նիկոլ Փաշինեանի կնոջ եղբայրը՝ «իմ քայլ»ական պատգամաւոր Հրաչ Յակոբեան, որ հերքած է այս տեղեկատուութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment