«Մենք կարողանում ենք բոլորին պատշաճ բուժօգնութիւն ցուցաբերել, աւելին, դեռ ունենք կարելիութիւն աւելի մեծ թուով հիւանդներու օգնութիւն ցոյց տալու համար: Դա չի նշանակում, որ կարող ենք թուլանալ եւ վերադառնալ նախկին կեանքին: Ուզում եմ շեշտել, որ դեռ երկար ժամանակ նախկին կեանքին վերադարձ չպէտք է լինի: Նոյնիսկ եթէ արտակարգ ռեժիմը դրութիւնը հանուի, չպէտք է վերադառնանք նախկին կեանքի ռիթմին առօրեային՝ սկսած ընկերային տարածութիւն պահպանելուց, վերջացրած ձեռքերը լուանալով», ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան: Ան ըսած է նաեւ, որ կառավարութեան պիտի առաջարկեն երկարաձգել արտակարգ դրութիւնը:
Հայաստանի մէջ անցնող մէկ օրուայ դէպքերու թիւը աճած է 16-ով, հասնելով 937-ի, հաղորդած է Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոնը:
Կեդրոնի պաշտօնական կայքին մէջ, այսօր ժամը 11-ի հրապարակուած տուեալներու համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 11-ով եւ հասած 149-ի:
Անցնող մէկ օրուայ ընթացքին մահացած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած եւս մէկ մարդ, եւ մահացողներու ընդհանուր թիւը Հայաստան հասաւ 11-ի:
Ըստ նոյն աղբիւրին, բացասական արդիւնքով հետազօտութիւններու ընդհանուր թիւը կազմած է 5 հազար 160:
Այսպիսով, «Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէ, տուեալ պահուն, Հայաստան կը բուժուին 777 մարդ:
Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան երէկ իր Ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած էր, որ երկրի «Քորոնա» ժահրի դէպքերու կրկնապատկման շրջանը կը մօտենայ 10 օրուան, նախկին 7-ի փոխարէն:
Յիշեցնենք, որ շաբաթասկիզբը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը յուսար, որ հիւանդութեան նոր դէպքերու յաւելումը համեմատաբար ցած մակարդակի մէջ պահպանման պարագային, հնարաւոր պիտի ըլլայ, գալիք երկուշաբթի օրուընէ թուլցնել սահմանափակումները:
Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն փոխանցած են, որ օրուայ ընթացքին հետազօտուած անձերէն երկուքին մօտ COVID-19 հետազօտման քննութեան ի արդիւնք ախտորոշուած է «Քորոնա» ժահր։
: