Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Հաստատուած է «Քորոնա» Ժահրի Եւս 2 Դէպք

Հայաստան Հաստատուած է «Քորոնա» Ժահրի Եւս 2 Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի եւս 2 դէպք: Այս մասին յայտնեց առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

«Մեկուսացուած անձանց շրջանակից, որոնք մեկուսացուել էին շփում ունենալու պատճառով մի հաստատուած հիւանդի հետ, խօսքը Էջմիածնի հիւանդի մասին է, 2 դրական հաստատուած թեսթ ունենք, այսինքն` այն անձինք, որոնք մեկուսացուել էին, ունենալով գանգատներ, տեղափոխուել են վարակներու հիւանդանոց, եւ նրանցից երկուսի մօտ «Քորոնա» ժահրը դրական է ցոյց տուել», – մանրամասնեց նախարարը:

Ան աւելցուց, որ այդ անձերը լաւ են, եւ որ այս պահուն կը պարզուի, արդեօք անոնց ընտանիքներու անդամները մեկուսացման կարիք ունին, թէ ոչ:

Յիշեցնենք, որ 11 Մարտին հաստատուած էր Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի 3 նոր դէպք, որոնցմէ մէկը` ՀՀ քաղաքացին, Էջմիածնի մէջ մասնակցած էր որդիին խնջոյքին: Հայաստանի Առաջին դէպքը հաստատուած էր 1 Մարտին, Իրանէն Հայաստան ժամանած քաղաքացիին մօտ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment