Երեքշաբթի, Մարտ 3-ին, Ամերիկայի 14 նահանգներու մէջ տեղի ունեցան նախնական՝ միջկուսակցական ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին նախկին փոխ նախագահ Ճօ Պայտըն արձանագրեց անակնկալ յաղթանակներ:
Տասը նահանգներու մէջ, որոնց շարքին Թեքսասը, Մասաչուսէթցը Մինիսոթան, Ալապաման, Օքլահոման եւ այլ տեղեր Պայտըն արձանագրեց մեծ յաջողութիւններ, դառնալով Դեմոկրատ կուսակցութեան առաջատարը՝ յառաջիկայ Նոյեմբերին կայանալիք Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն:
Յառաջդիմական թեկնածու Պըրնի Սէնտըրզ յաղթանակներ արձանագրեց Ամերիկայի մեծագոյն նահանգին՝ Քալիֆորնիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Քոլորատեոյի եւ Եութայի մէջ, սակայն այս արդիւնքները սպասուածէն շատ աւելի համեստ էին:
Դեմոկարատ կուսակցութեան դրօշակակիրը դառնալու համար թեկնածուները պէտք ունին 1991 պատգամաւորի ձայներուն: Երեքշաբթի օրուայ արդիւնքներէն ետք, Ճօ պայտըն, մասնակի տուեալներով ունի 566 պատգամաւոր, իսկ Պըրնի Սէնտըրզ՝ 501:
Ամէնուրեք, նկատելի էր ընտրողներու մեծ եւ մասնակիցներու մեծ թիւ: Կը հաղորդուի որ ընտրական որոշ կեդրոններուն առջեւ մարդիկ ժամերով հերթի կը սպասէին են:
Կլէնտէլի Ընտրութիւնները
Նոյն օրը տեղի ունեցան նաեւ Կլէնտէլի քաղաքապետարանի ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին եւս արձանագրուեցան անակնկալներ: Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ Վարդան Կարապետեան ստանալով 7426 ձայն, չկարողացաւ ապահովել իր վերընտրութիւնը: Խորհուրդի երեք բաց տեղերը ոչ վերջնական արդիւնքներով բաժին ինկան՝ Փոլա Տըվայնին, որ ստացաւ 13469 ձայն, Արտի Քացախեանին՝ 10939 ձայն, եւ Տան Պրոթմընին՝ 10432 ձայն: