Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան. «ՀՀ-ն Չի Կրնար Սպառնալիք Ըլլալ Վրաստանի Համար, Իսկ Վերջինս Ալ՝ Հայաստանի»

Փաշինեան. «ՀՀ-ն Չի Կրնար Սպառնալիք Ըլլալ Վրաստանի Համար, Իսկ Վերջինս Ալ՝ Հայաստանի»

by MassisPost

Երեքշաբթի, Մարտ 3-ին Վրաստանի կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն յաջորդած է երկու երկիրներու վարչապետերու առանձնազրոյցը:

Ինչպէս կը յայտնեն Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն, Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Կախարիան աւելցուցած է, որ Հայաստանն ու Վրաստանը կ՛ապրին բարդ տարածաշրջանի մէջ, եւ երկու երկիրները կը հասկնան, որ տարածաշրջանային կայունութիւնը պետութիւններու զարգացման հիմքն է:

«Մենք նախ պէտք է հոգ տանինք մեր երկիրներու խաղաղութեան, ապա քաղաքական, տնտեսական, մշակութային հարցերու մասին»,- ըսած է Վրաստանի վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեանը նշած է. ժամանակն է մտածել այս տարածաշրջանին մէջ եթէ ոչ հազարամեակներու, ապա հարիւրամեակներու համատեղ զարգացման մասին. – «Ըսածս ուղղակի գեղեցիկ ձեւակերպում չէ, այլ Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու մեր պատկերացումներն ունին ռազմավարական բնոյթ: Մեր երկիրներն ունին աւելի լայն համագործակցութիւն ե’ւ ընդհանուր, ե’ւ տարբերակուող, բայց տարածաշրջանային մեր յարաբերութիւնները մենք բոլորովին այլ հարթութեան վրայ կը դիտարկենք: Հայ-վրացական յարաբերութիւններն ամրացնող եւս մէկ գործօն. նուիրուածութիւնն է ժողովրդավարական արժէքներուն: Այս հանգամանքը եւս կարեւոր անկիւնաքար մըն է»:

Այնուհետեւ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Կիորկի Կախարիան բանակցութիւնները շարունակած են ընդլայնուած կազմով: ՀՀ կառավարութեան ղեկավարի կարծիքով՝ երկու երկիրներու գործադիր մարմիններն այստեղ ունին բազմաթիւ հնարաւորութիւններ՝ տնտեսական համագործակցութիւնը դուրս բերելու բոլորովին նոր մակարդակի. – «Այդ առումով նոյնպէս ժողովրդավարութիւնը էական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ իմ պատկերացմամբ, եթէ մարդիկ Հայաստանը եւ Վրաստանն ընկալեն որպէս ժողովրդավարական տարածք‘ մեր երկիրներու ներդրումային գրաւչութիւնը կը մեծնայ: Մենք յարգանքով կը վերաբերինք Վրաստանի եւրաաթլանթեան տարածքին ընդելուզուելու ձգտումներուն: Այնպէս դասաւորուած է, որ մեր երկիրներն անվտանգութեան համակարգերու վերաբերեալ տարբեր պատկերացումներ ունին, բայց իմ կարծիքով, մենք մեր անվտանգութեան մասին ունինք ընդհանուր պատկերացում: Հայաստանը չի կրնար անվտանգային սպառնալիք ըլլալ Վրաստանի համար, իսկ Վրաստանը չի կրնար սպառնալիք ըլլալ Հայաստանի համար:

Մենք կ’ողջունենք Վրաստանի այն դիրքորոշումը, որ բոլոր հակամարտութիւնները պէտք է լուծուին խաղաղ ճանապարհով։ Ընդհանրապէս հակամարտութիւններն աշխարհի մէջ, նաեւ մեր տարածաշրջանին մէջ բացարձակ տարբեր են իրարմէ, տարբեր են իրենց բովանդակութեամբ, ծագումնաբանութեամբ, պատմութեամբ եւ խորութեամբ։ Եթէ ընդհանուր բանաձեւերով հնարաւոր ըլլար լուծել հակամարտութիւնները, ապա մինչ այժմ անոնք լուծուած կ’ըլլային։ Մենք իւրաքանչիւր հակամարտութիւն կը դիտենք իր առանձնայատկութիւններու մէջ։ Ուրախ եմ, որ այս առումով կրնանք կառուցողական կերպով համագործակցիլ Վրաստանի հետ։ Այն, որ մենք ԵԱՏՄ անդամ ենք եւ այն, որ Վրաստանն ազատ առեւտուրի համաձայնագիր ստորագրած է ԵՄ-ի հետ, կը ստեղծեն նոր հնարաւորութիւններ մեր համագործակցութեան համար, եւ անոնք քննարկելը կ’ըլլայ մեր քննարկումներու առանցքը»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը։

Այնուհետեւ զրուցակիցները քննարկած են հայ-վրացական օրակարգային շարք մը հարցեր. Անդրադարձած են փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ այլ ոլորտներու մէջ հեռանկարային նախագծերու իրականացման, կարեւորած են երկու երկիրներու թրանզիթային  ներուժի զարգացումը` ցամաքային ճանապարհներու, ելեկտրական ուժանիւթի եւ հեռահաղորդակցային կապի ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment