Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստան Եւ Արցախ «Ազատութեան Տան» Ցուցակով Մասամբ Ազատ Երկիրներու Շարքին

Հայաստան Եւ Արցախ «Ազատութեան Տան» Ցուցակով Մասամբ Ազատ Երկիրներու Շարքին

by MassisPost

«Ազատութեան Տուն» (Freedom House) միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է իր տարեկան զեկոյցը՝ «Ազատութիւնը աշխարհի մէջ – 2020» խորագրին տակ:

Հեղինակաւոր կազմակերպութեան զեկոյցի Հայաստանին վերաբերող մասը ներկայացուցած է բացառապէս Լեռնային Ղարաբաղ արձանագրուած դրական տեղաշարժերը:

Ըստ զեկոյցին, շնորհիւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն 2019 թուականի Սեպտեմբերի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին կար մրցակցութեան եւ քաղհասարակութեան աշխուժութեան աճ, նաեւ հարթակ ստեղծուած է 2020-ին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի եւ խորհրդարանի ընտրութիւններում այլ փոփոխութիւններու:

Կառոյցի վարկանիշային աղիւսակով թէ’ Լեռնային Ղարաբաղը, թէ’ Հայաստանը կը դասուին մասամբ ազատ երկիրներու շարքին:

Տարածաշրջանի չճանաչուած պետութիւններու ցանկին մէջ բացի Լեռնային Ղարաբաղէն, մասամբ ազատ կը գնահատուի նաեւ Աբխազիան: Հայաստանը իր ցուցանիշներով կը գերազանցէ անազատ Ատրպէյճանին, սակայն կը զիջի մասամբ ազատ միւս հարեւանին՝ Վրաստանին:

Ըստ զեկոյցին, անազատ Եւրասիական տարածաշրջանը մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու առումով մռայլ պատկեր կը յիշեցնէ, նկատելով, որ Ռուսաստան, Պելառուսիա, Ուզպեքիստան, Ղազախիստան իշխող ուժերը ճնշումներու գնով կը պահպանեն իշխանութիւնը, Մոլտովիայի բարեփոխումները մեկնարկուած, սակայն չեն աւարտուած:

Տարածաշրջանի միակ դրական տեղաշարժերը նկատելի են Հայաստանի եւ Ուքրանիայի մէջ, ըստ Freedom House-ի: Նոր առաջնորդները, որոնք իշխանութեան եկած են համակարգային բարեփոխումներու խոստումներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ուքրանիայի նախագահ՝ Վլատիմիր Զելենսքին եւ Մոլտովիայի՝ Մայա Սանտուն, առաջին քայլերը նախաձեռնած են կաշառակեր ուժերուն արմատախիլ ընելու ուղղութեամբ, որոնք կը խոչընդոտէին իրենց երկիրներու ժողովրդավարական ձգտումները:

Զեկոյցը չէ շրջանցած Ատրպէյճանի մէջ իշխանութիւններու կոշտ ճնշումներով տեղի ունեցած ներքաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս ընդդիմադիր կուսակցութիւններու, գործիչներու, աքթիւիսթներու, լրագրողներու, կանանց իրաւունքներու պաշտպաններու, արուեստագէտներու նկատմամբ հաշուեհարդարի տեսակները, որոնք կը գործադրէ Ալիեւի համակարգը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment