Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Միւնխէնեան Սկզբունքները Դիրքորոշումը Չեն Փոխեր, Կը Լրացնեն. ՀՀ ԱԳ Նախարար

Միւնխէնեան Սկզբունքները Դիրքորոշումը Չեն Փոխեր, Կը Լրացնեն. ՀՀ ԱԳ Նախարար

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միւնխէնեան բանավէճին արձագանգի տարբերութիւնը կապուած է հարեւան երկրի մէջ ժողովրդավարութեան հետ կապուած խնդիրներուն հետ: Այս մասին Փետրուար 24-ին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը՝ մեկնաբանելով հանդիպման արձագանգները եւ բուն Հայաստանին ուղղուած մեծ թիւով քննադատական դիտողութիւնները:

Խօսելով իր՝ Փաշինեանի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած «միւնխէնեան սկզբունքներ» եզրի մասին՝ նախարարը պարզաբանած է, որ այս ձեւակերպումը լիովին կ’արտացոլէ այն, ինչի մասին խօսուած է առաջնորդներու հանդիպման ժամանակ: Նախարարի խօսքով՝ միւնխէնեան սկզբունքները դիրքորոշումը չեն փոխեր, այլ կը լրացնեն: Ընդ որում՝ նախարարը շեշտած է, որ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը չի կրնար անտեսուիլ: «Հայաստանը յանձնառու է ԵԱՀԿ ՄԽ հովանու ներքոյ խաղաղ կարգաւորմանը: Եւ հակամարտութեան կարգաւորման վրայ կ’աշխատի այս գործընթացի շրջանակում»,- նշած է նախարարը՝ յիշեցնելով անցեալին բազմիցս վարչապետի արտայայտած դիրքորոշումը, որ հակամարտութեան լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ բոլոր կողմերու համար: Ուստի միակողմանի զիջումներու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: «Փոխզիջումային հասկացութիւնը փոխադարձ է»,- նշած է ԱԳ նախարարը՝ մատնացոյց ընելով աւելի սուր հարցը՝ անվտանգութեան իրական համակարգը, որն ուղղակիօրէն կապուած է կարգավիճակի հետ:

Ինչ կը վերաբերի հանդիպման բուն ձեւաչափին, ապա նախարարն այն դրական կը գնահատէ, որպէս հրապարակայնօրէն հանդիպելու եւ քննարկելու հնարաւորութիւն: «Անցեալ տարի լրագրողներու փոխանակման ձեւով համեստ արդիւնք եղաւ: Դա հնարաւորութիւն տուեց մտածելու այդ ուղղութեամբ շարունակելու մասին: Եւ իւրաքանչիւր հատուած կարող է իր դերը խաղալ»,- նշած է ԱԳ նախարարը:

Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանէն մեկնաբանութիւններուն եւ յատկապէս արմատականներուն, ապա նախարարի կարծիքով՝ այդ ժողովրդավարութեան բացակայութեան հետեւանք է: «Սա անընդունելի է: Մեր հանրութեան շրջանում,- ինչի համար ուրախ եմ,- ամէն ինչ քննարկում են հրապարակայնօրէն: Այստեղ համակարգերի տարբերութեան հարցն է»,- եզրափակած է ԱԳ նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment