Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սկսաւ Սերժ Սարգսեանի Եւ Միւս Ամբաստանեալներու Դատավարութիւնը

Սկսաւ Սերժ Սարգսեանի Եւ Միւս Ամբաստանեալներու Դատավարութիւնը

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Վահէ Միսքեանի նախագահութեամբ Փետրուար 25-ին սկսաւ Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ միւսներու գործով դատավարութիւնը:

Պաշտօնաթող նախագահը ժամանած է դատական նիստին: Պիւտճէէն մօտ կէս միլիառ դրամի յափշտակութիւնը կազմակերպելու համար մեղադրուող նախկին նախագահը մինչեւ դատարան մտնելը յայտարարութիւն ըրած է. – «Հաշուի առնելով եղանակային պայմանները եւ այն հանգամանքը, որ յոյս կայ, որ Հայաստանում դեռեւս կան դատաւորներ, ում համար արդարադատութիւնը վեր է ամէն ինչից: Ուղիղ այնպէս, ինչպէս ինձ համար, ձեզ համար, հայ ժողովրդի մեծամասնութեան համար Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը վեր է ամէն ինչից: Խնդրում եմ վերադառնալ տուն, զբաղուել ձեր առօրեայ հոգսերով՝ չմոռանալով երբեք Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան մասին»:

Ոչ մէկ խօսք ըսելով իրեն առաջադրուած մեղադրանքի մասին՝ Սարգսեանը փոխարէնը յիշեցուցած է, թէ ինքը աշխարհի ամենաբարձր ամպիոններէն պարբերաբար յայտարարած է ու այսօր ալ կը կրկնէ՝ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ. – «Սա եղել է իմ կեանքի գերագոյն նպատակը, այն ինձ ուղեկցելու է մինչեւ վերջ եւ ամենուր»:

Ի աջակցութիւն Սերժ Սարգսեանի դատարանի առջեւ էին նաեւ ՀՀԿ խօսնակ Էտուարտ Շարմազանովը, գործադիր մարմնի անդամ Վահրամ Պաղտասարեանը, Սարգսեանի եղբօրորդին՝ Հայկ Սարգսեանը, Ֆութպոլի ֆետերացիայի նախկին նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանն ու նախկին փոխոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեանը:

Նախկին նախագահը կը մեղադրուի պետական պիւտճէէն մօտ կէս միլիառ դրամի յափշտակութիւնը կազմակերպելու մէջ: Գործով մեղադրեալներ են նաեւ նախկին գիւղական նախարար Սերգօ Կարապետեանն ու Սերժ Սարգսեանի մտերիմ գործարարներէն համարուող «Ֆլեշ» ընկերութեան սեփականատէր Բարսեղ Բեգլարեանը, Գիւղական նախարարութեան նախկին պաշտօնեայ Գէորգ Յարութիւնեանը:

Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցը չհեռանալու մասին ստորագրութիւնն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment