Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը 2019-Ին Ամենաթերագնահատուած Թեմաներէն Է. «The Washington Post»

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը 2019-Ին Ամենաթերագնահատուած Թեմաներէն Է. «The Washington Post»

by MassisPost

«The Washington Post» ամերիկեան թերթի լրագրողը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման թեման ներառած է անցնող տարուան ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ ամենաթերագնահատուած 5 խնդիրներու ցուցակին մէջ։

Թերագնահատուած հիմնական թեմաներուն մէջ ան նշած է «մարդու իրաւունքներու աւելի ակնյայտ սահմանափակումը ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ»։ Ան այդ ցուցակին մէջ ներառած է երեք թեմայ՝ սէուտցի լրագրող Ճամալ Խաշըքճիի սպանութիւնը, Հոնքոնկի բողոքները եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը։

Անոր խօսքով՝ երեքի պարագային ալ Տանըլտ Թրամփը որոշած է պարզապէս գլուխ չդնել, որպէսզի չփչացնէ յարաբերութիւնները Սէուտական Արաբիոյ, Չինաստանի (առեւտրային գործարքի թէժ պահուն), ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ։

«Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ դաշնակից քիւրտերու դէմ Թուրքիոյ յարձակումներէն եւ Ռուսաստանի հետ աւելի սերտ խաղերէն ետք Քոնկրէսն առաջին անգամ կամքը բռունցք դարձուց եւ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ գործողութիւնները հայերու հանդէպ հարիւր տարի առաջ ցեղասպանութիւն եղած են։ Այն եղաւ տասնամեակներու մերժումներէ ետք»,- գրած է Աարոն Պլեյքը։

Անոր կարծիքով՝ Սպիտակ տունը բազմիցս յետաձգած է ճանաչման գործընթացը Քոնկրէսին մէջ, ըստ երեւոյթին Թրամփի ցանկութեան պատճառով՝ յարաբերութիւնները պահպանել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ։ «Իսկ հիմա վարչակազմը յայտարարեց, որ Ծերակոյտի հռչակագիրը չարտացոլեր անոր դիրքորոշումը»,- նշած է ան։

Պլեյքն աւելցուցած է, որ Թրամփն առաջինը չէ, որ նման կերպ վարուած է, եւ անոր նախորդ Պարաք Օպաման նոյնպէս չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment