Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դիւանագիտական Ծառայութիւնը Պէտք Է Օգնէ Մեր Պետութեան Եւ Ժողովուրդին՝ Աւելի Լաւ Հասկնալու Աշխարհը. Նիկոլ Փաշինեան

Դիւանագիտական Ծառայութիւնը Պէտք Է Օգնէ Մեր Պետութեան Եւ Ժողովուրդին՝ Աւելի Լաւ Հասկնալու Աշխարհը. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայ գտնուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցի հիմնադրման 10-ամեակին եւ երիտասարդ դիւանագէտներու երդման արարողութեան:

Վարչապետը նախ շրջայց կատարած է դիւանագիտական դպրոցի մէջ, ծանօթացած է դպրոցի տասնամեայ գործունէութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներգրաւման նուիրուած ցուցանմուշներուն:

Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած է ներկաները Դիւանագիտական դպրոցի յոբելեանի կապակցութեամբ եւ նշած, որ յայտնի ու հին հասկացութիւններու նշանակութիւնները ժամանակակից աշխարհի մէջ նոր նրբերանգներ կը ստանան եւ կարեւոր է, որ ժամանակ առ ժամանակ արձանագրենք, թէ ինչ ակնկալիք եւ պահանջ ունինք մեր դիւանագիտական ծառայութենէն, դիւանագէտներէն:

«Այժմ այնպէս է ստացուել, որ եթէ դիւանագիտութիւն ասելով հասկանանք զուտ արտաքին կապերը, ապա կը պարզենք, որ դրանով պետական բոլոր կառոյցներն են զբաղւում, ընդհուպ քաղաքապետարանները եւ գիւղապետարանները, որովհետեւ հիմա աշխարհում շփումների շրջանակը շատ է լայնացել: Մի ժամանակ էր, որ օտարերկրացի հիմնականում տեսնում էին դիւանագէտները եւ օտարերկրացիների հետ շփւում էին հիմնականում դիւանագէտները:

Եւ ուրեմն, նոր պայմաններում ո՞րն է դիւանագիտական համակարգի ամենամեծ ծառայութիւնը: Իմ համոզումն այն է, որ դիւանագիտական ծառայութիւնը պէտք է օգնի մեր պետութեանը, մեր ժողովրդին, որպէսզի աշխարհն աւելի լաւ հասկանայ մեզ եւ մենք աւելի լաւ հասկանանք աշխարհը, որովհետեւ մեծապէս սրանով է պայմանաւորուած, թէ մենք ինչքանով համահունչ կը լինենք այն գործընթացներին, ինչքանով համահունչ կը լինենք այն զարգացումներին, որոնք տեղի են ունենում աշխարհում, այն դէպքում, երբ այդ գործընթացները համապատասխանում են մեր ազգային ու պետական շահերին, եւ ինչքանով կը կարողանանք ճանաչել այդ գործընթացներն ու կառավարել մեր շահերն այն դէպքում, երբ այդ համաշխարհային գործընթացները մեր շահերին հակադրւում են»,- նշած է վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով, այս առումով կարեւոր է, որ մեր դիւանագիտական կրթութիւնը շրջանաւարտներուն տայ աշխարհը, սեփական երկիրը եւ ժողովուրդը ճանչնալու աւելի մեծ հմտութիւն: Հետեւաբար, կառավարութեան ղեկավարի կարծիքով, վկայականները պէտք է ընկալել ոչ թէ որպէս վկայութիւն, որ ունինք բաւարար չափով գիտելիքներ, այլ վկայութիւն այն բանի, որ ունինք բաւարար հմտութիւններ՝ զարգացող աշխարհի մէջ իմանալու այն ամէնը, ինչ կ’ապահովէ մեզ ստանալ տեղեկատւութիւն, ունենալ կարողութիւն, հաղորդակից ըլլալ այն գիտելիքին, հմտութիւններուն եւ յատկութիւններուն, որոնք ամէն օր տեղի կ’ունենան փոփոխուող աշխարհի մէջ:

«Այս առումով, կարծում եմ՝ հենց սա պէտք է նկատի ունենանք, երբ ասում ենք, որ մեր պետութիւնը, երկիրը եւ ժողովուրդը պէտք է լինեն մրցունակ: Մենք պէտք է կարողանանք ժամանակակից աշխարհում ունենալ մեր տեղը, մեր ինքնութիւնը, պաշտպանել, պահպանել, զարգացնել մեր ինքնութիւնը: Եւ զարգացում ասելով՝ ես նկատի ունեմ հետեւեալը. մեր հազարամեայ պատմութեան մէջ յաջողուած կարելի է համարել այն հատուածները, որտեղ մենք ոչ թէ լուսանցքում ենք եղել, այլ եղել ենք աշխարհի մաս: Այդ աշխարհի ոչ բոլոր երեւոյթների հետ լինելով համաձայն, այդ աշխարհի ոչ բոլոր երեւոյթները մեզ համար համարելով ընդունելի, բայց այնուամենայնիւ, աշխարհի մաս լինելը եւ այս զգացողութեամբ ոչ միայն ինքներս մեզ համակրելը, այլեւ ուրիշներին համակրելը, կարծում եմ՝ մեր մրցունակութեան բարձրացման ամենակարեւոր ճանապարհն է:

Ահա այս գործօնն է, որ դիւանագիտութիւնը, արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը, դիւանագիտական ծառայութիւնը, իսկապէս շատ մեծ եւ տանող դերակատարում ունի: Ես ուզում եմ բոլորիդ յաջողութիւն մաղթել այս առաքելութեան իրականացման գործում: Մէկ անգամ եւս շնորհաւորում եմ դիւանագիտական դպրոցին 10-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ եւ բոլոր շրջանաւարտներին՝ դիւանագիտական ծառայութեան նոր փուլ, կամ գիտելիքի ձեռք բերման նոր փուլ մուտք գործելու կապակցութեամբ»,- նշած է վարչապետ Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment