Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զարեհ Սինանեանի Զարմանալի Լռութիւնը

Զարեհ Սինանեանի Զարմանալի Լռութիւնը

by MassisPost

Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանը փակելու որոշումը կը շարունակէ մնալ Լոս Անճելըսի հայութիւնը յուզող գլխաւոր հարցը: Դպրոցի ուսանողներն ու ծնողները կը շարունակեն հանդէս գալ բողոքի ցոյցերով, որոնցմէ վերջինը տեղի ունեցաւ անցեալ Կիրակի որ, Պըրպէնքի Առաջնորդարանի շրջափակէն ներս: Կրթական այս կարեւոր հաստատութեան փակումի որոշումին դէմ կ’արտայայտուին տարբեր շրջանակներ եւ մամուլի օրկաններ: Երիտասարդութիւնը իր կարծիքները կը ներկայացնէ Դիմատետրի (Facebook) եւ համացանցի ընկերային այլ կայքերուն միջոցաւ:

Այս բոլորին մէջ զարմանալիօրէն լուռ է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, որ ցարդ ոչ մէկ արտայայտութիւն ունենցած է սփիւռքեան կարեւոր կրթական հաստատութեան մը փակումին կապակցութեամբ:

Սփիւռքի յանձնակատարը երբեք առիթ չի կորսնցներ երեւնալու մամուլին առջեւ ու ցոյց տալու իր ըրածն ու չրածը, ինչպէս որ տեսանք թրքական զօրքերու Հիւսիսային Սուրիոյ տարածքը ներխուժման օրերուն: Այդ շրջաններուն մէջ ապրող հայութեան վիճակով մօտէն զբաղուողները Արտաքին Գործոց նախարարութիւնն ու Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդն էին, որոնց կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնները կրկնելով Պր. Սինանեան կը փորձէր ցոյց տալ թէ, ինք եւս դերակատարութիւն ունի այդտեղ: Միւս կողմէ, կարեւոր հարց մը, որ յանձնակատարի գործունէութեան անմիջական ծիրէն ներս կը գտնուի, կ’արժանանայ լրիւ անտեսումի:

Զարեհ Սինանեան արդէն իսկ բոլորեց իր պաշտօնավարման առաջին վեց ամիսները ու տակաւին շօշափելի արդիւնքներու կը սպասեն Հայաստանն ու սփիւռքը: Կրնայ ըսուիլ որ, այդ ժամանակաշրջանը շատ կարճ է նորաստեղծ կառոյցին համար: Սակայն, առաջին նախանշանները այդքան ալ յուսադրող չեն, որ Յանձնակատարի գրասենեակը պիտի կարողանայ յառաջընթաց արձանագրել Հայաստան-Սփիւռք կապերուն նոր որակ հաղորդելու առումով, ինչ որ խոստացուած էր Սփիւռքի Նախարարութիւնը Սփիւռքի գործերու յանձնակատարով փոխարինելու որոշումը արդարացնելու համար:

Տակաւին ուշ չէ, որպէսզի Սինանեան հանդէս գայ հրապարակային յայտարարութեամբ մը, իր խօսքը ըսելու համարª կարեւոր գաղթօճախի մը մէջ Հայ դպրոցին սպասող ճակատագրի մասին ու զօրակցութիւն յայտնելու իրենց ապագայով մտահոգ Հայ ուսանողներուն ու անոնց ծնողներուն:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment