Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Վարչապետ Փաշինեանը Ընդունած Է Արցախի ԱԺ «Հայրենիք» Խմբակցութեան Պատգամաւորները

Վարչապետ Փաշինեանը Ընդունած Է Արցախի ԱԺ «Հայրենիք» Խմբակցութեան Պատգամաւորները

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայրենիք» խմբակցութեան պատգամաւորները՝ «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ:

Վարչապետը կարեւորած է նման ձեւաչափով հանդիպումներու կայացումը եւ նշած, որ Արցախի խորհրդարանական խմբակցութիւններու հետ հանդիպումները  յետագային պիտի կրեն շարունակական բնոյթ:

«Սա շատ լաւ առիթ է, որպէսզի արձանագրենք, ամփոփենք, թէ վերջին մէկուկէս տարուայ ընթացքում Արցախի հետ յարաբերութիւններում ինչ իրադարձութիւններ են տեղի ունեցել: Ուզում եմ անդրադառնալ ֆինանսատնտեսական հատուածին: Առաջին ամենակարեւոր հարցը թերեւս հետեւեալն է. խօսքը միջպետական վարկի վերակառուցման մասին է: Մենք համապատասխան պայմանաւորուածութիւնը ձեռք ենք բերել դեռեւս այն ժամանակ, երբ պարոն Յարութիւնեանն Արցախի պետական նախարար էր: Սա շատ կարեւոր որոշում է, որը փաստացի իրականացւում է: Այսինքն՝ քաղաքական որոշմամբ մենք արձանագրել ենք, որ այդ գումարը մենք աւելի լաւ է վերակառուցենք: Մեր կառավարութիւնն Արցախի կառավարութեան հետ քաղաքական որոշում է կայացրել, որ աւելի լաւ է այդ գումարը շարունակուի  շրջանառուել Արցախի Հանրապետութիւնում»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Վարչապետը կարեւորած է նաեւ ՀՀ կառավարութեան մէկ այլ որոշում, որով 2.1 միլիառ դրամ պիտի տրամադրուի առաջնագիծի եւ ընդհանրապէս զինուորներու ծառայութեան պայմանները բարելաւելու համար: «Յաջորդը. Արցախի զինծառայողների բնակարանային խնդիրները լուծելու համար 2.9 միլիառ դրամ յատկացնելու որոշման նախագիծն այս պահին գտնւում է շրջանառութեան մէջ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ որոշում կայացուած է նաեւ Արցախի համար ձեռք բերել շտապօգնութեան 10 մեքենայ:

Այնուհետեւ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայկական երկու պետութիւններու կառավարութիւններու, խորհրդարաններու համագործակցութեան, տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տնտեսութեան առանձին ճիւղերու զարգացման խթանման վերաբերող հարցերու:

Վարչապետ Փաշինեանը հանգամանալից անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, բանակաշինութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:

Արայիկ Յարութիւնեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանին հանդիպման համար եւ անդրադարձած է «Ազատ Հայրենիք»  կուսակցութեան յառաջիկայ ընելիքներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment