Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեանն Ու Ալիեւը Քննարկած Են Լարուածութիւնը Մեղմելու Հնարաւորութիւնները

Փաշինեանն Ու Ալիեւը Քննարկած Են Լարուածութիւնը Մեղմելու Հնարաւորութիւնները

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը քննարկած են ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ իրավիճակն ու լարուածութիւնը մեղմելու հնարաւորութիւնները: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Վլատիմիր Կարապետեանը:

«Ճաշի ընթացքում, որը կազմակերպուել էր նախագահող կողմի նախաձեռնութեամբ, Ալիեւն ու Փաշինեանը նստել էին իրար կողք, քանի որ այբբենական կարգով էր սահմանուած եւ տեղի է ունեցել մտքերի փոխանակութիւն, զրոյց: Այն հիմնականում նուիրուած է եղել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ իրավիճակին, լարուածութիւնը մեղմելու հնարաւորութիւններին, յառաջիկայ քայլերին»,- ըսած է Կարապետեանը:

Վարչապետի մամուլի խօսնակը նշած է, որ զրոյցը տեւած է է 1.5-էն 2 ժամ:

Ճաշկերոյթը կազմակերպուած է Աշխապատի մէջ, Հոկտեմբեր 11-ին կայացած ԱՊՀ-ի երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի շրջագիծէն ներս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment